Եւրոպական Միութիւնը Յունաստանը Փրկելէ Յոգնած Է
Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի Յունաստանին ցուցաբերուող օգնութիւնը դադրեցնելու եւ զայն Եւրոյի գօտիէն դուրս բերելու: «Եուրոմակ» կը գրէ, որ Եւրոպայի մէջ գրեթէ ոչ ոք այլեւս կը հաւատայ Յունաստանի փրկութեան «հեքիաթին»:
Եւրոպական երկիրներու ղեկավարները դարձեալ ստանձնած են Յունաստանը փրկելու հոլովոյթի հերթական փուլը, որուն ծիրին մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Այս հանդիպումը շատ կարեւոր է այն պատճառով, որ Մերքելի եւ Հոլլանտի համաձայնութեան գալէն կախեալ է Յունաստանի ապագան: Հիմնական խնդիրը տնտեսման ծրագիրին երկու տարիով երկարաձգումն է, բան մը, որուն աշխուժ կերպով դէմ են Գերմանիան, Ֆինլանտան եւ Հոլանտան:
Յունաստանի իշխանութիւնները իրենց կարգին անկարող են կատարելու վարկատուներու պահանջները պիւտճէական ծախսերու կրճատման վերաբերեալ: Այդ պատճառով ալ եւրոպական երկիրներու ղեկավարները կ՛ըսեն, որ Աթէնքին այլեւս զիջումներ պիտի չկատարուին:
«Մենք այլեւս չենք կրնար դրամ նետել անյատակ փոսի մը մէջ», նշած է Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ` նկատի ունենալով Յունաստանը տնտեսական ճգնաժամէն դուրս բերելու նպատակով տրամադրուած գումարները:
Ըստ մասնագէտներուն, ստեղծուած կացութիւնը յաղթահարելու համար Յունաստանի կառավարութեան անհրաժեշտ է մինչեւ 2014-ի աւարտը խնայել 14 միլիառ եւրօ: