Նեթանիահու Իրանի Դէմ Յարձակում Գործելու Համար Կը Ջանայ Ծայրայեղական Ռաբբիի Մը Զօրակցութիւնը Ապահովել
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր մօտիկ մէկ օգնականը ուղարկած է Շաս կուսակցութեան հոգեւոր պետ, ծայրայեղական ռաբբի Օվատիա Եոսեֆի մօտ` Իրանի դէմ յարձակում գործելու նպատակով վերջինիս զօրակցութիւնը ապահովելու համար:
Իսրայէլի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի տնօրէն Եաքով Ամիտրոր ուրբաթ օր Երուսաղէմի մէջ ռաբբի Եոսեֆի տունը այցելած է` անոր հետ իրանեան թղթածրարը քննարկելու համար:
Մինչեւ հիմա ռաբբի Եոսեֆ Շաս կուսակցութեան անդամ նախարարներուն հրամայած է առանց Միացեալ Նահանգներու հետ նախապէս համակարգելու Իրանի հիւլէական կեդրոններուն դէմ իսրայէլեան հաւանական յարձակումի մը կտրուկ կերպով ընդդիմանալ:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ամիտրորի այցելութենէն ետք Իրանի դէմ իսրայէլեան յարձակումին նշեալ ռաբբիին ընդդիմութիւնը նուազ «վճռակամ» կը թուի ըլլալ:
Միւս կողմէ, ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան «Փրես Թի.Վի.»-ին, կը նշէ, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի իր երկրին հիւլէական կեդրոններուն դէմ իսրայէլեան յարձակումի մը սպառնալիքին լուրջ վերաբերում չի ցուցաբերեր:
Ան յայտարարած է, որ «սիոնականները» կը վախնան իրենց սեփական ստուերէն, այդ պատճառով իսկ կը փորձեն վերահսկողութեան տակ առնել իրենց համար տխուր իրավիճակը` աղմուկ բարձրացնելով եւ հոգեբանական պատերազմ վարելով: «Սակայն անոնք պէտք է գիտնան, որ քարոզչութիւնը անոնց խնդիրը չի լուծեր», ըսած է ան:
Վահիտի նաեւ աւելցուցած է, որ Իսրայէլի պաշտօնատարներու պատերազմ հրահրող յայտարարութիւնները հակառակ արդիւնքը պիտի տան եւ այդ երկրին բանակն ու զինուորական մեքենան ենթակայ են կործանման:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուենտի Շըրմըն յայտնած էր, որ Իսրայէլ պիտի որդեգրէ որեւէ որոշում, որ պիտի երաշխաւորէ իր անվտանգութիւնը: «Իսկ այդպիսի որոշումի իրաւունք Իսրայէլը անկասկած ունի», յայտարարած էր ան:
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ անցեալ հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ իրենք պիտի ստեղծեն նոր Միջին Արեւելք մը, ուր սիոնականներու եւ ամերիկացիներու համար տեղ պիտի չըլլայ:
«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» կը հաղորդէ, որ ըստ իսրայէլեան «Պի.Տի.Այ.» ընկերութեան գնահատման, Իրանի հիւլէական կեդրոններուն դէմ յարձակումին Իրանի եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ հակադարձութեան ուղղակի եւ անուղղակի վնասը պիտի արժէ շուրջ 167 միլիառ շեքել, այսինքն` աւելի քան 40 միլիառ տոլար:
Ըստ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան մէջ առայժմ կը հրաժարին Իրանի հետ պատերազմի պարագային հաւանական վնասներու չափերու մասին խօսիլ: