Ըստ Հարցախոյզի Մը Օպամայի Եւ Ռոմնիի Քուէները Իրարու Մօտ Են

Նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան շուրջ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ գործող նախագահ Պարաք Օպամայի եւ անոր հանրապետական մրցակից Միթ Ռոմնիի քուէները իրարու մօտ են:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան «նախագահական ընտրութիւններուն որո՞ւն կը քուէարկես» հարցումով կատարած հարցախոյզին մասնակիցներուն 47 առ հարիւրը պատասխանած են Օպամային կամ անոր տեղակալ Ճօ Պայտընի, իսկ 46 առ հարիւրը` Ռոմնիի կամ անոր տեղակալ Փոլ Ռայընի:

Հարցախոյզին մասնակիցներուն 58 առ հարիւրին կարծիքով, Օպամա յաղթանակ պիտի արձանագրէ, իսկ 32 առ հարիւրին կարծիքով` պիտի պարտուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )