Անտեսելով Զինադադարի Որոշումը` Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Զինեալ Բախումները Կը Շարունակուին Աւելի «Աշխուժ» Թափով
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները երէկ առաւօտեան շարունակուեցան իրենց սովորական թափով, սակայն ամբողջ գիշերուան ընթացքին բախումներուն թափը սովորական չէր եղած, այլ` վախազդու:
Զինեալ բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ, «Պէ. 7» եւ «Պէ. 10» տիպի ռումբեր, նռնականետեր, հրասանդեր, ձեռնառումբեր եւ այլն, առանց զանց առնելու նաեւ արձակազինութիւնը:
Երէկ կէսօրէ առաջ բանակը փակեց դէպի Մալլուլէի հրապարակ տանող մայրուղին` բնակիչները արձակազինութենէ պաշտպանելու նպատակով:
Երէկուան զինեալ բախումները պատճառեցին 4 զոհ եւ 10 վիրաւոր:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին հաստատուելիք զինադադարը անտեսուեցաւ եւ վերածուեցաւ այնպիսի զինեալ բախումներու, որոնք աւելի աշխուժ կերպով թափ ստացան:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ բանակը մնայուն ներկայութիւն է Թրիփոլիի այն շրջաններուն մէջ, ուր զինեալ բախումներ կ՛արձանագրուին, եւ կը գործադրէ զինուորական այնպիսի ծրագիրներ, որոնք ամբողջական են եւ կ՛արգիլեն քաղաքը շրջանային լարուածութեան եւ սադրանքներու բեմի վերածել:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները վտանգաւոր են` հաստատելով, որ պէտք է առիթ տալ լիբանանեան բանակին իր դերակատարութիւնը կատարելու:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Ալի Իտ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը մնայուն կերպով Լիբանանը կ՛առաջնորդէ դէպի անհանդուրժելի գրաւներ:
Իտ նշեց, որ Լիբանան Սուրիոյ տագնապէն կ՛ազդուի` աւելցնելով, որ իրենք բացարձակ զօրակցութիւն յայտնած են լիբանանեան բանակին եւ բանակը տիրական ներկայութիւն պէտք է ըլլայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Թրիփոլիի պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ անկէ բխած զինադադարի որոշումին մասին Իտ ըսաւ, որ եթէ զինեալ բախումները երկու կողմերու միջեւ են, ապա նման որոշում մը պէտք է բխի խնդրոյ առարկայ երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումէն:
Իտ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ իրենց զէնքը անհատական է` շեշտելով, որ զէնքի թղթածրարը կարիքը ունի ազգային երկխօսութեան:
Այս շրջագիծին մէջ Իտ մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հոգ տանի Թրիփոլիին եւ իր նիստերուն ընթացքին յիշէ Ժապալ Մըհսենը եւ Պապ Թըպպանէն:
Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաար «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները շատ ցաւալի են` աւելցնելով, որ երբեք կարիք չկայ նման դէպքերու, որոնք շինծու են եւ կը դրսեւորեն երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուածութեան հետեւանքները:
Միւֆթի Շաար յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն է միակ կողմը, որ կացութիւնը կրնայ իր հակակշիռին տակ պահել եւ երկաթեայ բազուկով հարուածել ապակայունութիւն պատճառող կողմերը:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ կոչ ուղղեց հրահանգելու լիբանանեան բանակին, որ Թրիփոլի մուտք գործէ եւ վերջ տայ շրջանին մէջ տիրող զինեալ երեւոյթին:
Մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը խելագարութեան համազօր է` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին, որ լիբանանեան պետութիւնը ինքզինք պարտադրէ:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա լիբանանեան բանակէն պահանջեց զսպել Ժապալ Մըհսենի խմբաւորումներուն կողմէ Թրիփոլիի բնակիչներուն դէմ կատարուող յարձակումները:
Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումներուն նպատակն է լարուածութիւն ստեղծել շրջանին մէջ եւ արգիլել Թրիփոլիի մէջ կայունութեան վերահաստատումը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի բախումները` շեշտելով, որ Լիբանան այլոց տագնապին միջամուխ պէտք չէ ըլլայ: