Երէկ Սկսաւ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Նախընտրական Քարոզարշաւը
Երէկ սկսաւ Հայաստանի 370-էն աւելի համայնքներուն մէջ 9 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը:
Ըստ արձանագրուած թեկնածուներուն մասին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի տեղեկատուութեան, իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ամէնէն աշխուժն են այս ընտրութիւններուն: Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի մօտ 400 թեկնածուներ, իսկ Բարգաւաճ Հայաստանը` շուրջ հինգ տասնեակ:
CATEGORIES Հայկական

