«Ճատրակի Ողիմպիականին Թեկնածուներն Են Ռուսիա, Ուքրանիա Եւ Հայաստան» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանցի Թումաքով
Ազրպէյճանի ճատրակի հաւաքականի մարզիչ Վլատիմիր Թումաքով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ճատրակի միջազգային ողիմպիականի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուները, իր կարծիքով Ռուսիան, Ուքրանիան եւ Հայաստանն են:
Ըստ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջին, ազրպէյճանցի մարզիչը կ՛աւելցնէ. «Ճատրակի խումբի մը զօրութեան մասին դատելու կարելիութիւնը կու տայ անոր ունեցած վարկանիշը: Այս իրողութիւնը նկատի առնելով` Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Հայաստան կը նկատուին գլխաւոր թեկնածուները: Ազրպէյճան պիտի ըլլայ լաւագոյն տասնեակին մէջ»:
CATEGORIES Մարզական

