Ճատրակ. 16 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ողիմպիականին Մասնակցող Հայրենի Կազմը Հրապարակուեցաւ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (Armchess.am) կը տեղեկանանք, որ հրապարակուեցաւ աշխարհի ճատրակի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մասնակցող հայրենի կազմը:
Հայաստանի կրտսերներու ազգային խումբին մաս կը կազմեն Տիգրան Յարութիւնեան, Արման Միքայէլեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Նորայր Թորոսեան եւ Վլատիմիր Գանճարեան: Խումբին մարզիչն է Արսէն Եղիազարեան:
Նշենք, որ աշխարհի ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ 29 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր` Պոլսոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական

