Ասորիներու Դպրոց Բանալու Խնդրանքը Մերժուեցաւ

«Մարմարա» կը գրէ, որ ասորիները Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան դիմում ներկայացուցին, որպէսզի իրենց արտօնուի բանալ մանկապարտէզ մը, ուր պիտի կարենան իրենց մանուկներուն սորվեցնել ասորերէնը, բայց անոնց դիմումը մերժուեցաւ: Կրթութեան նախարարութիւնը պատասխանեց, որ ասորիները փոքրամասնութիւն չեն, այդ պատճառով ալ չեն կրնար ունենալ օտար լեզու դասաւանդող դպրոց:

Այսօրուան պայմաններուն մէջ այսպիսի մերժում մը խորթ կը հնչէ, այս պատճառով Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Հիւսէյն Չելիք զարմացեր է ու «Կառավարութիւնը ձեր այդ պահանջը պիտի իրականացնէ» ըսելով յուսադրեր է ասորի համայնքը:

Հաղորդուեցաւ, որ ասորի համայնքը հանրապետութեան ամբողջ շրջանին որեւէ պահանջ չներկայացուց դպրոց մը բանալու մասին, բայց հիմա առաջին անգամ է, որ Պոլսոյ մէջ դպրոցի մը համար դիմում կատարեց: Նպատակը փոքրիկներուն ասորերէն սորվեցնել է: Ասորի համայնքի ներկայացուցիչ Սայիտ Սուսին ըսաւ, որ մտածեցին հիմնել մանկապարտէզ կամ նախակրթարան մը, ուր միւս դասերուն կողքին ասորերէն պիտի սորվեցնեն իրենց մանուկներուն, բայց մերժուեցան, իրենց ըսուեցաւ, որ դուք փոքրամասնութիւն չէք եւ թրքերէնէ տարբեր լեզուով դասաւանդութիւն չէք կրնար ընել: Ասիկա յուսախաբութիւն պատճառեց ասորի համայնքին: Երբ այս մասին խօսեցաւ Հիւսէյն Չելիքին, ան ալ զարմացաւ:

«Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, եթէ մէկը իր զաւկին իր մայրենի լեզուն սորվեցնել կ՛ուզէ, ինչպէ՞ս կարելի է արգելք հանդիսանալ անոր», հարց տուաւ Չելիք` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այժմ նպաստաւոր մերձեցում ունի փոքրամասնութիւններու նկատմամբ, վստահ է, որ կառավարութիւնը ընթացք կու տայ ասորիներու խնդրանքին: Ասորի ուղղափառ համայնքը Թուրքիոյ տարածքին ունի 25 հազարի բնակչութիւն եւ համայնքին 85 առ հարիւրը կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ: Անոնք մեծամասնութեամբ բնակութիւն հաստատած են Պաքըրգիւղի, Ֆլորիայի ու Եշիլգիւղի մէջ:

Սուսին ըսաւ.

«Ասորերէն լեզուն 5 հազար տարուան անցեալ ունեցող լեզու է, եւ հիմա չենք կրնար այս լեզուն սորվեցնել մեր զաւակներուն: Լեզու մը, որ կորսուելու ճամբան բռնած է: Եթէ արտօնութիւն ստացուի, դպրոցը կը մտածենք բանալ Եշիլգիւղի կամ Պաքըրգիւղի մէջ, հաւանաբար 100-150 մանուկ կ՛արձանագրուի դպրոց: Նախակրթարանէն վերջ միջնակարգ կամ լիսէ ալ կրնանք հիմնել: Ամէն պարագայի պէտք է, որ արգելք ըլլանք մեր լեզուին անհետացման: Մեր այս խնդրանքը հանրապետական շրջանի մեր առաջին խնդրանքն է»:

Լրատուութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ասորիները Լոզանի դաշնագիրին մէջ չեն ներառուած փոքրամասնութիւններու կարգավիճակին մէջ, ուստի անոնք միշտ ալ զրկուեցան իրենց մայրենի լեզուն դասաւանդող դպրոց ունենալու իրաւունքէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )