Քի Մուն Իրան Պիտի Այցելէ` Հակառակ Իսրայէլի Եւ Միացեալ Նահանգներու Առարկութիւններուն

Պան Քի Մուն

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, որ «Իրանը մեկուսացնելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գլխաւորութեամբ թափուող ջանքերը ձախողութիւն ունեցան, երբ ՄԱԿ յայտարարեց, որ ընդհանուր քարտուղարը պիտի միանայ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի 120 երկիրներու պաշտօնատարներուն»: Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ այդ ձեւով «Իրան միջազգային հարցերուն մէջ իր կարեւորութիւնը ցոյց կու տայ»:

Պան Քի Մուն այդ որոշումը տուած է` հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի առարկութիւններուն: Լրատուամիջոցներ տեղեկացած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մինչեւ իսկ նոյն հարցով հեռաձայնած է Քի Մունի:

Իսրայէլին անհանգստութիւն պատճառած է նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի Թեհրան այցելելու որոշումը:

Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումը ձեւաւորուած է Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին: Շարժումին անդամ 120 երկիրները միաւորուած են որեւէ զինուորական դաշինքի չմիանալու սկզբունքներուն շուրջ:

Նշենք, որ 2014-ին Իրան պիտի ստանձնէ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի նախագահութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )