Սլէյման Ընդունեց Լահհամ Պատրիարքը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի պալատին մէջ ընդունեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդին եւ յատկապէս քրիստոնեաներուն իրավիճակը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիք, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահական ամարանոցին այցելուներէն եղաւ Ժողովրդավարական վերանորոգում շարժումի ընդհանուր քարտուղար Անթուան Հատտատ, որ դրուատեց նախագահ Սլէյմանին կեցուածքները` ընդգծելով, որ երկրին վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ նախագահ Սլէյմանի կեցուածքները Լիբանանը կը պահպանեն եւ կը պաշտպանեն լիբանանեան պետութիւնն ու օրինականութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան