Կարսի Մզկիթի Վերածուած Ս. Առաքելոց Եկեղեցւոյ Դռները Միայն Նամազի Ժամերուն Կը Բացուին
Թրքական «Սոնտաքիքիա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կարսի բերդին մօտ գտնուող Ս. Առաքելոց եկեղեցին վերածուած է մզկիթի, սակայն բաց կ՛ըլլայ միայն նամազի ժամերուն, ինչ որ տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներուն զայրոյթը կը յառաջացնէ:
«Կարս եկող տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկները նախ եւ առաջ կ՛այցելեն Կարսի բերդը, սակայն եկեղեցի-մզկիթ այցելել չեն կրնար, որովհետեւ ատոր դռները փակ կ՛ըլլան», կը գրէ թրքական լրատուամիջոցը:
932-937-ին Աբաս Բագրատունի թագաւորին կողմէ կառուցուած եկեղեցին 1994-ին անուանափոխուած է եւ վերածուած մզկիթի: Սակայն այցելուները կը պահանջեն անոր դռները միշտ բաց պահել:
Կարսի եկեղեցին մտնել չկրցող զբօսաշրջիկները անմիջապէս կը մեկնին Անիի աւերակները տեսնելու:
CATEGORIES Հայկական