Սաֆարեան Կ՛անդրադառնայ Գիւմրիի Մէջ ՀՅԴ-ի Թեկնածուի Յաջողութեան Կարելիութիւններուն
9 սեպտեմբերին Գիւմրիի քաղաքապետի ընտրութիւններուն համար Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը առաջադրեց Սամուէլ Բալասանեանի, իսկ ՀՅԴ-ն` Յովսէփ Սիմոնեանի թեկնածութիւնը: Անկուսակցականներ Անդրանիկ Աւետիսեան եւ Սպարտակ Պետրոսեան ինքնաառաջադրուած են: Թեկնածուներ չառաջադրած Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի սատարէ Սամուէլ Բալասանեանին, իսկ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը` Յովսէփ Սիմոնեանին: Հայ ազգային քոնկրեսը ոեւէ թեկնածուի սատարելու վերաբերեալ տակաւին դիրքորոշում չէ յայտնած:
«Գիւմրին քաղաք մըն է, ուր հասարակութեան զգալի մասը կը կազմեն ընդդիմադիր հայեացքներ կրող մարդիկ, որոնց հետ կը գումարուի փոփոխութիւններ պահանջող հատուածը: Կը կարծեմ, որ ՀՅԴ-ի թեկնածուի եւ անոր սատարող ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու առիթը պայմանաւորուած է անով, թէ ինչպէ՛ս պիտի յաջողին լաւագոյնս ձեւակերպել եւ իրականացնել ընտրարշաւը, որպէսզի փոփոխութիւններու յոյսը կապուի այդ թեկնածուին հետ: Եթէ իշխանութեան թեկնածուն ունի վարչական եւ շարք մը այլ լծակներ, ապա ՀՅԴ-ի թեկնածուն ունի իմ նշած առաւելութիւններս: Իսկ թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ ատիկա իրականացնել` ցոյց կու տայ ժամանակը», «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով Յովսէփ Սիմոնեանի ընտրուելու կարելիութեան, նշեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան քարտուղար Ստեփան Սաֆարեան:
Ինչ կը վերաբերի Սամուէլ Բալասանեանի թեկնածութեան, ան ընդգծեց, որ Բալասանեան որքանով Բարգաւաճ Հայաստանի մարդուժին մաս կը կազմէ, նոյնքան ալ կրնայ նկատուիլ իշխանութեան մարդուժին մաս` ընդհանրապէս:
«Մեր մօտ գործարար պատգամաւորները, գործարար պաշտօնեաները անհրաժեշտութեան պարագային բաւական անխոչընդոտ կերպով մէկ դաշտէն կը տեղափոխուին այլ դաշտ մը, հետեւաբար` եթէ խնդիրը դիտենք Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան տեսանկիւնէն, ապա քաղաքը ամենեւին ալ յանձնուած չէ, պարզապէս Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նկատմամբ բարի կամք դրսեւորուած է`վստահ ըլլալով, որ եթէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ Հանրապետական կուսակցութեան յարաբերութիւնները երբեւէ վատթարանան, ապա Գիւմրի քաղաքին մէջ անոր ելքը չափազանց կանխորոշուած է այս պահէն», ընդգծեց Սաֆարեան:
Ան չբացառեց, որ Բալասանեանին սատարելով, Հանրապետական կուսակցութիւնը կը լուծէ նաեւ նախագահական ընտրութիւններուն հարցը: «Խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ իշխանութեան վերարտադրութեան առաջին փուլը աւարտած է, այս կտրուածքով կրնան զիջիլ որոշակի տարածքներ, յատկապէս` երբ Հանրապետական կուսակցութիւնը Բարգաւաճ Հայաստանի շարքերուն մէջ կը զօրացնէ թեւ մը, որ կը ցանկայ ըլլալ իշխանութեան մէջ», նշեց Սաֆարեան:
Անդրադառնալով Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդդիմութեան կրաւորական կարգավիճակին, մասնաւորաբար` այն հարցումին, որ արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ, որ ընդդիմութիւնը համակերպած է ստեղծուած իրավիճակին հետ եւ կ՛ընդունի իշխանութեան նկատմամբ իր անզօրութիւնը, Սաֆարեան արձագանգեց, որ ընդդիմութիւնը տակաւին չյաջողեցաւ կասեցնել յետընտրական իր հիասթափութիւնը, չյաջողեցաւ արագ ինքնակազմակերպուիլ եւ դասեր քաղել իր ռազմավարութեան ձախողութենէն:


