Շատ Հաւանաբար Յառաջիկայ Ամիս Հայաստան Ունենայ ՖԻՖԱ-ի Ֆութպոլիստներու Առաջին Արտօնագիր Ունեցող Գործակալը
Ֆութպոլի գործակալներու դերը ներկայ ժամանակներուն թէեւ չափազանց ընդլայնուած է, սակայն մինչեւ օրս Հայաստան չունի ՖԻՖԱ-ի ֆութպոլիստներու արտօնագիր ունեցող գործակալ:
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ ամիս` սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի գործակալներու հերթական քննութիւնը, որուն մասնակցելու համար առաջարկ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ բաւական ընդլայնուած գործունէութիւն ունեցած Խորէն Քալաշեան:
Ան Armsport.am կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ կ՛ըսէ, որ արդէն իսկ տարիէ մը ի վեր կ՛աշխատի այս ուղղութեամբ, որովհետեւ Հայաստան բացակայ եղած է արտօնագիր ունեցող գործակալներու ՖԻՖԱ-ի ցանկէն:
Ան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ այս մէկը տեղի ունենալու պարագային, Հայաստան կրնայ մեծապէս օգտուիլ մարզիկներու փոխանցումներէն` հայրենիք ժամանումէն կամ անկէ մեկնումէն:
Եզրափակելով ան կ՛ըսէ, որ նկատի ունենալով, որ ինք պիտի ներկայացնէ Հայաստանը, ապա ուրեմն իրեն համար առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի հայ ֆութպոլիստներուն, որովհետեւ այդ մէկը կատարելով ինք օգտակար պիտի դառնայ հայկական ֆութպոլի զարգացման:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալու համար այս գծով կարելի է կարդալ նիւթը ամբողջութեամբ` հետեւեալ հասցէէն. armsport.am/am/news/2/2/39766:

