Ճատրակ. Աբրահամեան Եւ Խուտկարեան Եւս Պիտի Մասնակցին Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը ՖԻՏԷ-ն յայտարարած է, որ յաւելեալ երկու հայ ճատրակ խաղացողներ ալ պիտի մասնակցին ճատրակի աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր-դեկտեմբեր 2012-ին` Խանթի-Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա):

Այդ երկուքն են` Տաթեւ Աբրահամեան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Նաթալիա Խուտկարեան (Քանատա):

Այսպիսով, աշխարհի աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցող հայերուն թիւը բարձրացաւ չորսի, որովհետեւ Հայաստանէն կը մասնակցին Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:

Share this Article
CATEGORIES