Ֆութպոլի Մրցումներուն Հսկող Անձերու Դասընթացքներ` 25-26 Օգոստոսին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին շաբաթ, 25 եւ կիրակի, 26 օգոստոսին «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (նախկին «Մարիոթ» պանդոկը) տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի մրցումներուն հսկող անձերու դասընթացքներ` մասնակցութեամբ 62 անձերու: Անոնցմէ 48-ն արդէն իսկ նախապէս մրցումներու հսկողի պաշտօնը կատարած են:

Այս դասընթացքներուն բացումը տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, որուն ընթացքին ներկաներուն իր խօսքը պիտի ուղղէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար:

Վերջինս անհրաժեշտ բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի տայ, որպէսզի այս դասընթացքներուն մասնակցողները ըմբռնեն, թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է լաւապէս կատարել այս պաշտօնը` ֆութպոլի յառաջդիմութեան մէջ իրենց դերը ունենալու համար:

Այս դասընթացքին աւարտին տեղի պիտի ունենայ յատուկ վկայականներու բաշխում:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )