Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը
Չինական Թայփէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմ Ճոնզի տղոց պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 91-72 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆիլիփեան կղզիները: Նշենք, որ իր կատարած առաջին չորս մրցումներուն պարտութիւն կրած Լիբանան, այսպիսով արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 22-15, 43-32, 74-46 եւ 91-72:
Շաբաթ, 25 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Լիբանան կը մրցի ամերիկեան խումբին դէմ, իսկ կիրակի, 26 օգոստոսին` Ճափոնի դէմ (առաւօտեան ժամը 10:00-ին):
CATEGORIES Մարզական

