Մեր Աւանդութիւններու Հանդիսարանը (Կարդալով Կարօ Պետրոսեանի «Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ» Գիրքը)

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Կարօ Պետրոսեանը վերջերս լոյս ընծայեց երկու գիրք:  Մին` երկրորդ հրատարակութիւնը «Հայց. եկեղ. տօներ եւ աւանդութիւններ»-ուն, արեւելահայերէնի… թարգմանուած, որպէսզի մատչելի ու հասկնալի ըլլայ հայրենաբնակ  ընթերցողներուն:  Գիրքը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի հրատարակութիւնն է  եւ կը սկսի առաջնորդ Տ. Յովնան սրբազանի ներածական խօսքով: Երկրորդ եւ այստեղ քննարկուող գիրքը «Հայեցի կրթութիւն եւ ճանապարհ»-ն է` հրատարակուած Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի նախաձեռնութեամբ եւ առաջնորդ Մուշեղ սրբազանի նախաբանով:  Գիրքը լոյս է տեսած արեւմտահայերէնով ու կը բաղկանայ երկու մասէ:  Առաջինը մեր «Ուսումնական տօներ»ը կը նկարագրէ ու կը բացատրէ, իսկ երկրորդ մասը սեղմ պատմութիւնն է «Հայկական երեք յարանուանութիւններ»-ուն:

Երկրորդ գիրքն ու անոր վերնագիրը թերեւս զարմացնեն ընթերցողներէն ոմանք իր թելադրած անհետացած ժամանակահատուածի մը մտահոգութիւններէն մղուած:  Բայց գիրքը ժամանակավրէպ չէ եւ հրապարակ եկաւ ճիշդ ժամանակին, երբ նկատի առնենք յայտնի իրողութիւնը, թէ նման գրականութիւն մշակողները հազուագիւտ են: Գիրքը ընթերցողին կը տրամադրէ ոչ միայն մեր տօներուն ճանաչումը, այլ ունի երկրորդական ոչ նուազ կարեւոր երես մը, հետեւանք` հայապահպանման աշխատանքներու պարունակէն ներս:

Ինքնուրոյն է հատորը` սկսելով ուրոյն ու տեղին ներածականով, որուն մէջ Կարօ Պետրոսեանը կը հայթայթէ նախատարրերը հատորին:  Հակիրճ, բայց բաւականին թելադրական են ազգագրական մտահոգութիւնները եւ ճշգրիտ հանդիսանալով պատճառները այս գործին:  Այլ խօսքով, թէեւ հակիրճ ամփոփումով, ներածականի երեք տարրերը, տօն, եկեղեցի ու մշակոյթ ու բարեգործ միութիւններ կը կենդանագրեն իւրաքանչիւր հայ անհատ:  Այսպէս, սէրը մեր տօներուն հանդէպ կը յաւերժացնէ անհատի մը խիզախութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու հաւատքը:  Տօները կեանք կու տան մեր եկեղեցիին, ուր հայուն հոգեւոր հարստութիւնը կը քանդակուի եւ, վերջապէս, մշակոյթի ու բարեգործութեան միութիւնները կը պատուենք, որովհետեւ անոնք անմնացորդ սիրով ու գուրգուրանքով կը պահպանեն այն` ինչ որ ստեղծագործ անհատի երկունքի արգասիքներն են` խտացուած ձեւով իբրեւ պատգամ տրուած Սայաթ Նովայի կողմէ` «էն բանն արա, որ Աստծու շնորհքն է, գիր սիրէ, ղալամ սիրէ, տաֆթար սիրէ»:  Նոյն այս երեք «սէրեր»-ու հիման վրայ ալ բծախնդրօրէն կառուցուած է գիրքը` մեր ժամանակներու համար վերանայուած տօնացոյցը:  Հոն` գրքին մէջ, տօնը, անունը կան ու միեւնոյն ատեն կայ նաեւ բացատրութիւնը իւրաքանչիւրի ազգագրական ծնունդին:

Գիրքին կողքը, հայ մատենագիտական նախշագրերով, գործն է արդի… մանրանկարիչին, Սիրուն Երէցեանին, որ կրկնակիօրէն կը շեշտէ ու կ՛արտացոլացնէ հայեցի բնոյթը գիրքին` ձեւով մը հանդիսանալով գիրքին «հայեցի» ինքնութեան վկայագիրը:

Գիրքին առաջին մասը` «Ուսումնական մեր տօները», կը համախմբէ գլխաւոր տօները, որոնք կը ներկայացուին… ոչ ժամանակագրական կարգով:  Թերեւս հեղինակին դիտումնաւոր նպատակն էր այս շարայարումը` շեշտել համազգայինը, մեր օրերէն դիտուած եւ մեր գոյութենականութեան հետ աղերսուող, ու զայն պայմանաւորող հիմնարար արարումներուն արդիւնք յարաբերաբար «նոր» տօներու նկարագրականով` «Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւն», «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւն» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութիւն» տօներով:  Նկատի ունենալով էապէս քաղաքական խորքային նկարագիրը այս տօներուն` թերեւս անհրաժեշտ էր սկսիլ մեր առաջին գոյութենական խոյանքին նուիրուած տօնով` Վարդանանքով:  Որովհետեւ եթէ մեր պատմութեան հիմնական նախաքայլը` մեր հայեցի էութեան պաշտպանութիւնը, կը սկսի գիրերու գիւտով, ապա Վարդանանքը կը հանդիսանայ առաջին եւ անդրանիկ զոհաբերումը հայրենիքի ու ինքնութեան պաշտպանութեան հերոսապատումը:  Հետեւաբար այս երկուքը` գիրերու գիւտն ու Վարդանանքը զիրար կ՛ամբողջացնեն` զոյգ իրագործումներով մէկ անգամ ընդմիշտ տնօրինելով մեր նկարագիրը, մեր խառնուածքի մոյնքը եւ հայթայթելով հիմնաւորումը Հայկ Նահապետի առասպելին` ազատ ապրելու մեր տրամադրութեան, մեր կամքին:  Տօներուն այս շարքին աւելցած է օտարամուտ նոր տօն մը` «Տօն գոհաբանութեան» իր խորհրդանշանին… հնդկահաւին անխուսափելի նկարով:  Այս տօնը ժամանակի ընթացքին… կ՛ազգայնացնենք եւ կը վերածենք մեր ազգային տօներէն մէկուն, եւ անոր հայացուած աղօթքով կը յայտնենք մեր գոհաբանութիւնը` մեր ու մեր երկրի սխրանքներուն եւ արարչական ստեղծագործութիւններուն տրիտուր, ինչպիսին է քննարկուող այս գիրքը:

Տօները եւ իրենց իմաստը նկարագրուած են հաղորդական ու անբռնազբօս լեզուով, դիւրահասկնալի` հայ աշակերտէն ու ընթերցողէն ընդհանրապէս:  Ինչ որ կը յանգի այն իրողութեան, թէ գիրքը պատրաստ է գործածուելու իբրեւ յաւելեալ դասագիրք մեր վարժարաններէն ներս:

Գիրքին անունը, վերնագիրը` «Հայեցի կրթութիւն եւ ճանապարհ», հաւանաբար շփոթ յառաջացնէ ընթերցողներու մօտ:  Այս շփոթը կու գայ վերնագրին «Ճանապարհ» բառէն:  Չեմ կարծեր որ վերնագրին առաջին ու արագ ընթերցումէն ընթերցողը կարենայ ճշգրտօրէն, կռահել թէ հեղինակը ինչի՛ կ՛ակնարկէ եւ կամ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ:  Ճշդեմ հոս, թէ գիրքը ոչ մէկ կապ ունի այն գիրքերուն հետ, որոնք… որեւէ տուեալ քաղաքի ճամբաներուն քարտէսը կը հայթայթեն:  Այս գիրքը կը հանդիսանայ բոլորովին տարբեր մտքի ու հաւատաւոր հայրենական համագոյքի տեղագրութիւնն ու ուղեցոյց-քարտէսը:  Այս յստակացումէն ետք, կարելի է շարունակել գուշակութիւնը եւ կամ գտնել հանգիտութիւնը բառին ու գիրքի ոգիին հետ:  Գիրքին սկիզբին մուտքը` «Երեք խօսք»-ը որոշ գաղափար կը հայթայթէ ըսել ուզուածին: Հիմնականին մէջ գիրքի բովանդակութիւնն ու նպատակը ծանօթացնելն է ընթերցողը իր ազգային մշակութային էատարրերուն հետ, միեւնոյն ատեն կապելով ընթերցողը իր ազգային ակունքներուն հետ:

Եթէ իրականութիւն են եւ ճիշդ` մեր կրկնուող հաստատումները, թէ մեր նպատակներու եւ դպրոցներու առաքելութիւնն է` պահել ազգայինը, պահել հայեցի կրթութեան անժանգոտելի իրաւութիւնը, ապա` հասնելու այս բոլորին իրականացման եւ «հայեցի կրթութեան» տանող ուղեցոյցը, տանող ճանապարհն է գիրքը եւ գիրքին միջոցով տեղեակ ըլլալն է, ապրիլը մեր տօներուն խորհուրդները, գիտնալն է անոնց ծագման սկզբնաղբիւրները, հրազինուիլն է անոնց իմաստով, համոզուիլն է, թէ ազգային մեր ստուգութեան հիմնարար հիւսկէններն են:  Աւելի՛ն. գիտակցութիւնն ու ճանաչումը տօներուն անշեղ «ճանապարհն» է` այդ բոլորին տանող, ըլլալով նաեւ ազգային ինքնութեան պահպանման գաղափարախօսական զրահներէն մին:  Հայապահպանման գոյապայքարի յաղթերգութեան փառաբանանքի ասքն է Կարօ Պետրոսեանին այս երախտաշատ գործը, եւ մաղթելի է միայն այդ գիրքին տարածումը` մեր դպրոցներէն ներս իբրեւ դասագիրք կամ աղբիւր, այնքան ատեն որ հայ դպրոցը աննուաճելի պատնէշն է հայապահպանման, ուր հայ աշակերտը կը հաղորդուի անով եւ անոր հոգենորոգ խորքին վրայ կը ճարտարապետէ հայեցի իր խառնուածքին ու անհատականութեան տաղաւարը:

 

[email protected]

22 յուլիս, 2012
Լոս Անճելըս

 

Share this Article
CATEGORIES