Անկախութեան Հռչակագիրի Բնօրինակը` Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ

Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ պահուող Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի բնօրինակը երկրի նորագոյն պատմութեան մասին վկայող լաւագոյն ցուցանմուշներէն է: «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին թանգարանի Նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժանմունքի վարիչ Սեդա Գալստեան դիտել տուած է, որ 1996 թուականին, երբ կը նախատեսուէր կայացնել «Երեք հանրապետութիւնները» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, թանգարանին տրամադրուած է հռչակագիրը եւ  այն գրիչը, որով ստորագրած է Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: «Այդ օրէն ի վեր մեր սրահին մէջ կը ցուցադրենք երրորդ հանրապետութեան մասին մեր լաւագոյն նիւթերէն մէկը, որ բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ այցելուներուն մօտ, քանի որ անիկա մեծ արժէք ներկայացնող բնօրինակ է», նշած է Գալստեան:

Քսաներկու տարի առաջ` 23 օգոստոսին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանը ընդունեց «Հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին», որով սկիզբ դրուեցաւ Հայաստանի անկախացման հոլովոյթին: Հռչակագիրի քաղաքական բաժինին մէջ Խորհրդային Հայաստանը վերանուանուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն (Հայաստան):

Հռչակագիրի ընդունումէն անմիջապէս ետք` 24 օգոստոսին, հիմնուելով «Հայաստանի անկախութեան մասին» հռչակագիրին վրայ, Գերագոյն խորհուրդը որոշեց Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը վերանուանել Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ գործող 12-րդ գումարման Գերագոյն խորհուրդը նկատել Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդ:

Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը ընթերցած է Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր Արամ Մանուկեան: Անկախութեան հռչակագիրը հիմնուած է Հայկական Խորհրդային հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի 1989-ի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական Խորհրդային հանրապետութեան  եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» միացեալ որոշման վրայ: Մօտ մէկ տարի ետք` 1991-ի սեպտեմբերի 21-ին  երկրին մէջ հանրաքուէ կայացաւ` Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ անկախ պետականութիւն հաստատելու մասին: Անկախութեան կողմ քուէարկեց Հայաստանի քաղաքացիներուն 94.99 առ հարիւրը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )