Թուրքիայէն Դէպի Չինաստան Կառուցուելիք Փոխադրամիջոցի Ցանցը Վրաստանէն Եւ Ազրպէյճանէն Պիտի Անցնի

«Վրեմիա օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ վեհաժողովին ընթացքին որոշուած է կառուցել Թուրքիայէն դէպի Չինաստան տանող փոխադրամիջոցի ցանց մը, որ պիտի անցնի Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն եւ Ղազախստանէն:

«Փոխադրամիջոցի եւ կապի մարզերը կարեւոր դեր կը խաղան: Մենք համաձայնած ենք մեր երկիրներու փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարներու հանդիպումին շուրջ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Թուրքիայէն` Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի տարածքով դէպի Չինաստան փոխադրամիջոցի հանգոյց կառուցելու հարցը: Ատիկա կարեւորագոյն երկաթուղային ծրագիր է, եւ մենք որոշած ենք աշխուժ կերպով անով զբաղիլ», կ՛ըսուի Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի մամլոյ ծառայութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Երկրին ղեկավարը նաեւ նշած է, թէ ապագային  Թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի ո՛ր անդամ երկիրները պէտք է լուծեն շարք մը խնդիրներ: Մասնաւորաբար, պէտք է յաջողութեամբ աւարտել Թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի հաստատականացման հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ ընդլայնել անդամ-երկիրներու մշակութային-մարդասիրական համարկումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )