Վարչապետ Միքաթի Հետեւեցաւ Թրիփոլիի Կացութեան Եւ Զօրակցութիւն Յայտնեց Բանակին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին հետեւեցաւ Թրիփոլիի ապահովական կացութեան, որուն շրջագիծին մէջ հաստատեց լիբանանեան բանակին իր զօրակցութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնէ եւ պատասխանէ կրակոցներուն ու բախումներուն, որոնք կը սպառնան երկրին եւ քաղաքացիներուն ապահովութեան:
Վարչապետը նշեց, որ Թրիփոլիի բոլոր ղեկավարութիւնները համախոհութիւն գոյացուցած են, թէ բանակին զօրակցիլը առաջնահերթութիւն է:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է Լիբանանի կառավարութեան եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ գործակցութիւնը` վերահաստատելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ:
Ֆլեչըր ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը նախ եւ առաջ պէտք է զօրակցի լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն եւ բանակին:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենք լրջօրէն կը սերտեն բանակին օժանդակելու յաւելեալ ձեւերն ու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, Ֆլեչըր ողջունեց Միքաթիի կողմէ Թրիփոլիի տարբեր կողմերուն միջեւ սկսած երկխօսութիւնը:
Ան աւելցուց, որ Լոնտոնի մտահոգութիւնը կը կեդրոնանայ այն իրականութեան վրայ, որ Սուրիա կը փափաքի իր տագնապը արտածել դէպի Լիբանան, եւ այդ իրականութիւնը անընդունելի է:
Վարչապետին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Փաուլօ Ռոպերթօ Վենթուրա եւ Քուպայի դեսպան Մանուէլ Աքոսթա:


