Պրազիլի Կառավարութիւնը 100 Հազար Տոլար Կը Տրամադրէ Հայաստանի Երեխաներուն
Պրազիլի կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի ներկայացուցչութեան 100 հազար տոլար տրամադրած է` երեխաներու խնդիրներու լուծման հարցին մէջ Հայաստանի կառավարութեան աջակցելու համար:
Երէկ տեղի ունեցած խորհրդանշական արարողութեան ժամանակ Հայաստանի մէջ Պրազիլի դեսպան Մարսելա Մարիա Նիքոմետոս 100 հազար տոլարի կտրօնը փոխանցեց ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի ներկայացուցիչ Հենրիեթա Արենսին: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեան եւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ երեխայի առողջութեան պահպանման բաժանմունքի պետ Կարինէ Սարիբեկեան:
Ըստ դեսպանին, Պրազիլի կառավարութիւնը վստահ է, որ երեխաներու կարգավիճակի բարելաւումը կարեւոր գործօն է երկրին համար: Այդ միջոցները պիտի ուղղուին ամէնէն խոցելի խումբերուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

