Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակի Ձեռնարկներու Կազմակերպման Յանձնախումբի Նիստի Գումարում

Հայաստանի կառավարութեան տան մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 21-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստման եւ կազմակերպման պետական յանձնախումբի նիստը, զոր վարած է վարչապետ, յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Սարգսեան: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, յանձնախումբի նախագահի տեղակալ-տօնական հանդիսութիւններու համակարգող Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման աշխատանքները ընթացքի մէջ են` ըստ սահմանուած ժամանակացոյցի:

Մասնաւորապէս, 21 սեպտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ` ձայնային եւ լուսային ժամանակակից լուծումներով: Հայաստանի անկախութեան օրը տօնական հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան նաեւ հանրապետութեան մարզերուն եւ սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ:

Նիստին ընթացքին ծաւալած է մտքերու շահագրգիռ փոխանակում, որուն ընթացքին ներկայացուած է տարբեր վարչութիւններու կողմէ կազմակերպուող տօնական ձեռնարկներու ընթացքը:

Վարչապետը յանձնարարած է վերջիններուս ղեկավարներուն` փոխհամագործակցութեան միջոցով գործնական կերպով արձագանգելու հաւանական խնդիրներուն` տօնական հանդիսութիւնները բարձր մակարդակով եւ սահմանուած ժամանակացոյցին համապատասխան կազմակերպելու համար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES