Սէուտական Իշխանութիւնները Ահաբեկչական Ծրագիրներ Ձախողութեան Կը Մատնեն
Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկրին մէջ յաջողած է ձախողութեան մատնել ահաբեկչական ծրագիրներ` նշելով, որ Ռիատի ու Ժետտայի մէջ ձերբակալուած են ահաբեկչական երկու բջիջներու անդամները եւ անոնց ծրագիրները ձախողութեան մատնուած է:
Նախարարութիւնը նշեց, որ այս իրողութեանց շուրջ հետաքննութեան ընթացքին կարելի եղած է կապ գտնել այս բջիջին եւ Ժետտայի մէջ այլ բջիջի մը միջեւ, որուն անդամներէն մէկը ձերբակալուած է: Նշեալ սէուտցին, ըստ անոր խոստովանութեան, պատրաստած է պայթուցիկ քիմիական նիւթեր եւ զանոնք փորձարկած:
CATEGORIES Միջազգային

