Տաւութօղլու Պոլսոյ Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւն Կ՛առաջարկէ Եւ Սուրիոյ Հայերոն Մասին Կը Խօսի
Թուրքիա անգամ մը եւս առիթը օգտագործած է արծարծելու համար ղարաբաղեան հիմնախնդիրը:
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նշած է, որ Թուրքիա կը փափաքէր, որ Հայաստան ու Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ հանդիպումներ կատարեն եւ բանակցութիւններ վարեն Պոլսոյ մէջ:
Տաւութօղլու նաեւ ըսած է, որ Թուրքիա շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները լուծելու քաղաքականութիւն կը վարէ, ինչի շնորհիւ Թուրքիա շրջանի յառաջատար երկիրը դարձած է:
«Մենք պիտի փափաքէինք, որ Սուրիոյ հարցով բանակցութիւնները տեղի ունենային Թուրքիոյ մէջ: Պիտի ուզէինք նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նոյնպէս հանդիպումներ տեղի ունենային Պոլսոյ մէջ», ըսած է ան:
Ահմեթ Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիա` այլ գաղթականներու շարքին, կրնայ ընդունիլ նաեւ սուրիահայերը: Ան ըսած է, որ թրքական կողմը կը պատսպարէ Սուրիայէն գաղթած սիւննիները, արաբները եւ թուրքմենները:
«Եթէ վաղը Սուրիոյ մէջ բռնութեան ու խոշտանգումներու ալիք սկսի, ապա մենք կրնանք հիւրընկալել նաեւ այդ երկրին մէջ ապրող քրիստոնեաները: Մենք պիտի պաշտպանենք նաեւ Սուրիայէն գաղթած քիւրտերու իրաւունքները», նշած է Տաւութօղլու:
Այն հարցումին, թէ արդեօք դռները բա՞ց են նաեւ հայերու համար, որոնց նախնիները 1915-ին Թուրքիայէն գաղթած են, ան ըսած է. «Վիճակը այնպիսին է, որ մոռացութեան պիտի մատնուի նաեւ 1915-ի իրավիճակը: Մեր մշակոյթը այնպիսին է, որ մենք ոչ մէկուն նկատմամբ ատելութիւն կը տածենք եւ քինախնդիր չենք: Մեր դռները բաց են բոլորին առջեւ»:
Անդրադառնալով Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու հարցին` Տաւութօղլու կտրուկ կերպով հերքած է ատոր հաւաստիութիւնը:
Հայաստանի Պատասխանը
Ի պատասխան Տաւութօղլուի կատարած յայտարարութիւններուն` Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան Panorama.am հայկական լրատուական կայքէջին ըսաւ. «Եթէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իրապէս կ՛ուզէ նպաստել տագնապի լուծման, ապա Թուրքիա պէտք չէ փորձէ խեղաթիւրել ղարաբաղեան խնդիրին էութիւնը, այսինքն` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը, որուն ի պատասխան Ազրպէյճանի իշխանութիւնները դիմեցին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան եւ ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ լայնածաւալ նախայարձակումի իրականացման:
«Խնդիրի լուծման համար արդիւնաւէտ պիտի ըլլար, եթէ Թուրքիա կարենար դրդել Ազրպէյճանը բանակցելու տագնապի իրական կողմին` Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Թուրքիա առնուազն պէտք է չշարունակէ սատարել Ազրպէյճանի «ամէն ինչ կամ ոչինչ» դիրքորոշումին եւ բանակցային հոլովոյթը Մինսքի խմբակի շրջանակներէն դուրս բերելու փորձերուն, որոնք ուղղուած են միջնորդներու ջանքերը տապալելուն»:

