Ռունի 4 Շաբաթ Պիտի Բացակայի
Անգլիոյ ազգային խումբին եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ուէյն Ռունի շուրջ 4 շաբաթ հեռու պիտի մնայ կանաչ դաշտերէն` Ֆուլհամի դէմ մրցումին վիրաւորուելուն պատճառով: Ան պիտի բացակայի Մոլտաւիոյ եւ Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներէն, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի կատարելիք 3 մրցումներէն, ներառեալ` 23 սեպտեմբերին Լիվըրփուլի դէմ կատարուելիք մրցումէն:
CATEGORIES Մարզական

