Ֆութպոլ. Եւրոպա
ԱՆԳԼԻԱ
Բացառիկ կոլով մը Վան Փերսի սկսաւ Օլտ Թրեֆորտի իր գործունէութիւնը: Գնդակը ինկաւ իրմէ քանի մը մեթր առջեւ, Փերսի պէտք է կրկին դիրք առնէր եւ հաւասարակշռուէր եւ նոյն ատեն Ֆուլհամի հսկայ յետսապահը կը խուժէր իր վրայ, սակայն Վան Փերսի յաջողեցաւ գնդակը գամել բերդապահին հակառակ ուղղութեան վրայ` բերդին միւս անկիւնը:
Մանչեսթըրի միւս կոլերը նշանակեցին Ռաֆայել եւ Քակաուա: Թէեւ շատ աղուոր է Ռաֆայելի յարձակելու երեւոյթը, սակայն անոր գործը պաշտպանել է եւ Քարիք, որ պարտադրաբար կեդրոնի յետսապահ կը խաղայ, կը փորձէր Ռաֆայելի տեղն ալ գոցել: Իսկ բերդապահ Տը Հիա քանի մը սխալներ ըրաւ: Ֆուլհամի երկրորդ կոլը ցնցիչ էր, նոյն ատեն ծիծաղելի: Գնդակը ձախ կողմէն ուղարկուեցաւ բերդին մօտ, ոչ մեծ վտանգով, Վիտիչ ցատկեց գլուխով հարուածելու, բերդապահը եկաւ անոր միջեւ բռունցքով հարուածելու, չյաջողեցաւ, գնդակը Վիտիչի կռնակին վրայէն անցաւ, դպաւ անոր կռունկին եւ… կոլ: Մանչեսթըր Եունայթըտ եթէ պահէր իր գլուխը եւ շարունակէր փոխանցումները 5 – 1 կամ 6 – 1 արդիւնքով կրնար վերջացնել մրցումը: Սակայն պէտք է գնահատել Ֆուլհամը, որ բնաւ տեղի չտուաւ:
Չելսի գրաւեց դասաւորման Ա. դիրքը` շնորհիւ մանաւանդ Թորեսի բացառիկ կոլին եւ… փենալթիի ենթարկուելուն: Փենալթին կոլի վերածեց Հազարտ:
Առանց կոլերու ոչ յատկանշական խաղ մըն էր Սթոք-Արսենալ մրցումը, որուն աւարտին ըստ երեւոյթին Սթոքի մարզիչը աւելի ուրախ էր իր մրցակիցէն:
Ֆութպոլային դրուագներով եւ կոլերով հարուստ մրցում մըն էր Լիվըրփուլ-Մանչեսթըր Սիթի խաղը: Սքերթել գլխու շատ ճշգրիտ հարուածով մը 34-րդ վայրկեանին նշանակելով դաշտի տէրերուն եւ խաղին առաջին կոլը, հերոսացաւ, սակայն 80-րդ վայրկեանին աններելի սխալով մը դէպի իր բերդապահը անտեղի փոխանցում մը փորձեց ընել, սակայն գնդակը նուիրեց Թեվեզի, որ նշանակեց Մանչեսթըր Սիթիի հաւասարութեան երկրորդ կոլը: Սիթիի առաջին կոլը նշանակած էր 63-րդ վայրկեանին Եայա Թուրէ, սակայն անոր համակիրներուն ուրախութիւնը երկար չտեւեց, որովհետեւ 66-րդ վայրկեանին Սուարեզ նշանակեց Լիվըրփուլի երկրորդ կոլը:
ՇԱԲԱԹ
Սուանզի – Ուեսթ Համ 3 – 0
Ասթոն Վիլա – Էվըրթըն 1 – 3
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ֆուլհամ 3 – 2
Նորուիչ – Ք. Փ. Ռէյնճըրզ 1 – 1
Սաութհեմփթըն – Ուիկըն 0 – 2
Սանտըրլենտ – Ռետինկ յետաձգուած
Թոթենհամ – Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիոն 1 – 1
Չելսի – Նիւքասըլ Եունայթըտ 2 – 0
ԿԻՐԱԿԻ
Սթոք Սիթի – Արսենալ 0 – 0
Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Սիթի 2 – 2
Դասաւորում Մրցում Կէտ
1) Չելսի 3 9
2) Սուանզի 2 6
3) Էվըրթըն 2 6
4) Ուեսթ Պրոմուիչ 2 4
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Պունտըսլիկայի ախոյեանութեան մրցաշարքին վարագոյրը բացուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ – Վերտըր Պրեմըն մրցումով, որ վերջ գտաւ ի նպաստ դաշտին տէրերուն (2 – 1): Մրցումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24 օգոստոսին: Պայերն Միւնիխ դժուարութիւն չունեցաւ յաղթելու Կոֆուրթի, որուն մարզիկներէն Քլէյն երրորդ կոլը նշանակեց… իր բերդին մէջ:
ՇԱԲԱԹ
Օկզպուրկ – ֆորթունա Տիւսելտոլֆ 0 – 2
Ֆրայպուրկ – Մայնց 1 – 1
Կրէօթըր Ֆուրթ – Պայէրն Միւնիխ 0 – 3
Համպուրկ – Նիւրեմպերկ 0 – 1
Մէօնշընկլատպախ – Հոֆընհայմ 2 – 1
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Պայէր Լեւերքուզըն 2 – 1
Շթութկարթ – Վոլֆսպուրկ 0 – 1
ԿԻՐԱԿԻ
Հանովըր-96 – Շալքէ 2 – 2
ՍՊԱՆԻԱ
Կոլերով հարուստ եղաւ Սպանիոյ ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանը, որուն բացման մրցումին Ռէալ Սոսիետատ լաւ ընդունելութեան չարժանացուց իր հիւրը` Սելթավիկոն, 2 – 1 արդիւնքով յաղթելով վերջինիս:
ՇԱԲԱԹ
Ռէալ Սոսիետատ – Սելթավիկօ 2 – 1
Էսփանիոլ – Զարակոզա 1 – 2
Ռէալ Պեթիս – Ռայօ Վայեքանօ 1 – 2
Մալակա – Մայորքա 1 – 1
ԿԻՐԱԿԻ
Օսասունա – Պարսելոնա 1 – 2
Կեթաֆէ – Ռէալ Մատրիտ 2 – 1
Կրանատա – Սեւիլլա 1 – 1
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ռէալ Վալատոլիտ – Լեվանթէ 22:00
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Պիլպաօ 24:00
ԻՏԱԼԻԱ
Իտալիոյ ֆութպոլի 2011-2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան բացման մրցումին Ֆիորենթինա 2 – 1 արդիւնքով յաղթեց Ուտինեզէի` երկրորդ կիսախաղին Եովետիչի նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ: Ախոյեան Եուվենթուս 2 – 0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Փարմայի: Եուվենթուսի երկրորդ կոլը նշանակեց իտալացի վեթերան ֆութպոլիստ Անտրէա Փիրլօ: Եուվենթուս սակայն լուրջ դժուարութիւն մը ունի, յետսապահ Լուչիօ փորձի ընթացքին վիրաւորուած է եւ կրնայ երկար ատեն բացակայիլ մրցումներէն:
ՇԱԲԱԹ
Ֆիորենթինա – Ուտինեզէ 2 – 1
Եուվենթուս – Փարմա 2 – 0
ԿԻՐԱԿԻ
Ա. Սէ. Միլան – Սամտորիա 0 – 1
Ա. Էս. Ռոմա – Քաթանիա 2 – 2
Աթալանթա – Լացիօ 0 – 1
Քիեվօ – Պոլոնիա 2 – 0
Ճենովա – Քալիարի 2 – 0
Փալերմօ – Նափոլի 0 – 3
Փասքարա – Ինթեր Միլան 0 – 3
Սիենա – Թորինօ 0 – 0
ՖՐԱՆՍԱ
Մինչ Ֆրանսայի մէջ Ռենն կը յաղթէր, Լիլ կէտեր կը կորսնցնէր:
Սլոան Փրիվաթի մրցումի աւելցուած վայրկեանին իր բերդին մէջ նշանակած կոլը պատճառ դարձաւ, որ 10 մարզիկներով պայքարող Սոշօ 1 – 0 արդիւնքով պարտուի Ռեմէն, կրելով երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:
ՇԱԲԱԹ
Նիս – Լիլ 2 – 2
Նանսի – Թուլուզ 0 – 1
Ռեմ – Սոշօ 1 – 0
Ռենն – Պասթիա 3 – 2
Թրուա – Լորիան 2 – 2
Վալանսիեն – Աժաքսիօ 3 – 0
ԿԻՐԱԿԻ
Մոնփելիէ – Մարսէյ 0 – 1
Սենթ Էթիէն – Պրեսթ 4 – 0
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պորտօ 0 – 0

