Արթուր Աբրահամ` Բռնցքամարտի Աշխարհի Ախոյեան
ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏ. «ՔԻՉ ԵՆՔ, ԲԱՅՑ ՄԵԶ ՀԱՅ ԵՆ ԱՍՈՒՄ»
Ա. ԱԲՐԱՀԱՄ ՆՈՒԱՃԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ «ՀՊԱՐՏ ԵՄ, ՈՐ ՀԱՅ ԵՄ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՆ
«Ես շատ հպարտ եմ, որ հայ եմ: Կապ չունի` մենք ո՛ւր կ՛ապրինք, նոյնն է, մեզ միշտ հայ կ՛անուանեն», յայտարարեց Արթուր Աբրահամ, որ պարտութեան մատնելէ ետք Բռնցքամարտի համաշխարհային կազմակերպութեան (WBO) գեր-միջին ծանրութեան դասակարգի աշխարհի ախոյեան Ռոպըրթ Շտիկլիցը, նուաճեց աշխարհի ախոյեանութեան գօտին:
Մենամարտին համար նախատեսուած 12 ռաունտերէն առնուազն ութին մէջ ակներեւ էր Արթուր Աբրահամի առաւելութիւնը: Ան յաղթեց իրաւարարներու միաձայն որոշումով (116-112, 116-112, 115-113):
«Ես Աբրահամին պիտի ապացուցեմ, որ ես եմ աշխարհի ուժեղագոյնը», մրցումէն առաջ ըսած էր Շտիկլից, որ մրցումի աւարտէն ետք հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
Մինչ Արթուր Աբրահամ ըսած էր.
«Կը խոստովանիմ, որ սիրտս արդէն զբաղած է (ան կը սիրէ աղջիկ մը եւ պիտի ամուսնանայ, «Ա.»): Բայց անձնականին մասին կը խօսիմ միայն մենամարտէն ետք: Մենամարտէն ետք կու գամ Հայաստան, որպէսզի յաղթանակս ընկերներուս շրջանակին մէջ նշեմ: Ես իմ հայրենիքս շատ կը սիրեմ, իմ ծննդավայրս, եւ ամուր կապուած եմ իմ հողիս: Ինծի հետ կապուած որեւէ իրադարձութիւն պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ, հայկական հողի վրայ, հայերով շրջապատուած: Պսակադրութեանս արարողութիւնը պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ, հայկական եկեղեցւոյ մէջ, հայկական աւանդութիւններով եւ հայերով շրջապատուած»:
ՆՇՄԱՐ
նշուշտ փափաքելի է, որ Արթուր Աբրահամի այս օրինակը վարակիչ ըլլայ մեր հայ զոյգերուն, որոնց մէջ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք իրենց պսակադրութեան արարողութեան համար կը դիմեն Կիպրոս, լիբանանեան ծովեզերք, կամ… նոյնիսկ անտառ: Նախաամուսնական երեկոյին (պաչըլըր) համար` Պէյրութի գիշերային զբօսավայրերը, իսկ մեղրալուսնի երջանկութեան արցունքները կը թափեն Մարմարիսի կամ Անթալիոյ մէջ` Թաթլըսեսի երգերուն մթնոլորտով…
ԹՈՐԳՈՄ

