Ալի. «Լիբանանէն Սուրիա Մուտք Գործած Զէնքին Ու Զինամթերքին Քանակը Վերատեսութեան Պէտք Է Ենթարկուի»

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ մէկուկէս տարիէ ի վեր Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապը ցոյց կու տայ սուրիացի ժողովուրդին աշխուժութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկայ պայքար մը, որուն շրջագիծին մէջ օգտագործուեցան բոլոր տեսակի զէնքերը, դրամը, գաղտնի սպասարկութիւնները, ապատեղեկատուութիւնն ու դէպքերուն նենգափոխումը:

Ալի նկատել տուաւ, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ Սուրիա կը մնայ հզօր ու երբեք չի կորսնցներ իր դիմադրողականութիւնը, այլ` կը տապալէ թշնամին:

«Սուրիոյ հզօր կէտը իր ներքին միասնականութիւնը եւ ուժն են, իսկ Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն կը նշանակէ ամբողջ շրջանին մէջ պատերազմի բռնկում», ըսաւ Ալի:

Սուրիոյ դեսպանը յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը դէպքերուն սկիզբէն ի վեր իրենց գրաւը դրած են սուրիական վարչակարգի տապալումին վրայ` աւելցնելով, որ Սուրիա իր տագնապին սկիզբէն ի վեր յանձնառու եղած է Լիբանանին եւ նախանձախնդիր, որ Լիբանան ինքզինք զանց կացուցէ Սուրիոյ գալիք վնասներէն:

Ան նշեց, որ սուրիական իշխանութիւնները կը յուսային, որ լիբանանեան պետութիւնը աւելի խիստ վարուէր Լիբանանէն դէպի Սուրիա զէնքերու մաքսանենգումին եւ զինեալներու ներթափանցումին նկատմամբ:

«Լիբանանէն Սուրիա մուտք գործած զէնքին ու զինամթերքին քանակը եւ անոր պատճառած վնասին տարողութիւնը մեծ է եւ պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի», ըսաւ Ալի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )