ՉԵԽԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿԱԾ ԿՈԼԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ ՉՓՐԿԵՑ ԱՆՈՐ ԿԱԶՄԸ

Չեխիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Գէորգ Պատալեան թէեւ նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Փանիք Մոսթի հետ կոլ նշանակեց` բանալով մրցումին հաշիւը (32-րդ), սակայն ատիկա իր կազմը չփրկեց պարտութենէ մը` Քլատնոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Վերջինս մրցումը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 5-3 արդիւնքով: Թէեւ Պատալեան բաւական լաւ արդիւնք կ՛արձանագրէ, սակայն անոր կազմը այժմ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES