«Եթէ Սուրիացի Գաղթականներու Դէպի Թուրքիա Հոսքը Շատնայ, Անհրաժեշտ Միջոցառումներուն Որդեգրման Շուրջ Քննարկումներ Պիտի Կատարենք» Ըսաւ Տաւութօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան թուրք նախագահ Աքմալէտտին Իհսանօղլուի հետ Անգարայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ «սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքը չէ փոխուած. եթէ անոնց դէպի Թուրքիա հոսքը շատնայ, անհրաժեշտ միջոցառումներուն որդեգրման շուրջ քննարկումներ պիտի կատարենք»:
Ան ըսաւ, որ սուրիացի գաղթականները իրենց քաղաքներէն ու գիւղերէն փախուստ կու տան այդտեղ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով եւ Թուրքիոյ մէջ անոնց թիւը շրջանցած է 80 հազարը:
Տաւութօղլու նշեց, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու` սուրիացի զինուորականներ պատսպարող Ապատին ճամբար մուտքը արգիլուած է «ապահովական պատճառներով»:
Ան վստահեցուց, որ թրքական քաղաքական որեւէ կուսակցութեան անդամ ոեւէ երեսփոխան կամ թուրք եւ օտար լրագրողներ կրնան մնացեալ ճամբարները այցելել:
Նշենք, որ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիա սուրիացի գաղթականներ ընդունիլը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է:
Սուրիական ազատ բանակը երէկ յայտարարեց, որ վար առած է սուրիական բանակի Դամասկոսի վերեւ թռիչք կատարող ուղղաթիռ մը: Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ բանակին պատկանող ուղղաթիռ մը Դամասկոսի Քապուն շրջանի Ղըֆրան մզկիթին մօտ ջախջախուած է:
Մինչ այդ, յորդանանեան «Ղատ» օրաթերթը` վկայակոչելով Ամմանի մէջ ապահովական աղբիւրներ, հաղորդեց, որ յորդանանեան ապահովական մարմինները ձերբակալած են ինը սուրիացիներ, որոնք մաս կը կազմէին Դամասկոսի պատկանող «գնացող բջիջներու» եւ զինուորագրուած էին հիւսիսային Յորդանանի Զաաթարի ճամբարին մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականները լրտեսելու համար:
Ապահովական գետնի վրայ, ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, սուրիական բանակը Հալէպի մէջ յաջողեցաւ Պապ Հատիտ թաղամասին մէջ յառաջանալով Սահաթ Թանանիր հրապարակը առնել իր վերահսկողութեան տակ: Ըստ սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին, սուրիական բանակը նաեւ յաջողած է Հալէպի Իզահա թաղամասին վրայ վերահսկողութիւն հաստատել:

