Զօր. Քահուաժի Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հրամանատարը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ գործակցութեան եղանակը:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտը, որ շեշտեց իրենց վստահութիւնը բանակին եւ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն նկատմամբ:
Զօր. Քահուաժիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, որ բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը եւ ի գործ դրած ճիգերը` պահպանելու համար հիւսիսային Լիբանանի ապահովութիւնը:


