Ապահովական Շարք Մը Խախտումներ Կը Հարուածեն Պէյրութը, Իսկ Հութի Ազատ Կ՛արձակուի

Լիբանան օգոստոսի իր վերջին շաբաթը սկսաւ ապահովական շարք մը միջադէպերով, որոնցմէ են` ոճիր, գողութիւն, առեւանգումներ եւ շարք մը այլ հարցեր:

Ուզահիի մէջ Ասսաֆ եւ Սըպլանի ընտանիքներուն միջեւ ծագած ընտանեկան հարցի մը պատճառով, Ռամզի Սըպլանի երէկ «Ֆլորիտա» լողաւազանին կից սպաննուեցաւ իր զաւակներուն առջեւ:

Լիբանանեան բանակը իսկոյն փութաց դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն բացաւ այդ հարցին շուրջ:

Աւելի ուշ բացայայտուեցաւ, որ երկու ընտանիքներուն միջեւ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան` մոնտիալի օրերէն մնացած ատելութիւն եւ վրէժ գոյութիւն ունի, երբ օրին Մեհտի Ասսաֆ անունով երիտասարդ մը սպաննուեցաւ:

Իսամ Հութի Ազատ Արձակուեցաւ

Շաբաթ կէսօրէ առաջ Պեքաայի Հաուշ Ղանամ շրջանին մէջ առեւանգուած  քուէյթցի քաղաքացի Իսամ Հութի երէկ ազատ արձակուեցաւ: Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` իր ազատ արձակումին համար Պըրրի թափած ճիգերուն համար:

Նշենք, որ նախքան Հութիի ազատ արձակումը, անոր ընտանիքը իր զաւկին առեւանգումին հարցը վստահեցաւ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան բանակին` շեշտելով, որ Հութի ոչ մէկուն հետ թշնամութիւն ունի եւ ոչ ալ քաղաքական հարցեր կամ պատկանելիութիւն ունի:

Հութիի ընտանիքը ոչ մէկ կողմ ամբաստանեց` ընդգծելով, որ իրենք ոչ մէկ անգամ սպառնալիք ստացած են այս կամ այն կողմէն:

Անոնք նկատել տուին, որ խորհրդարանի նախագահը շատ ճիշդ ըրած է` յայտարարելով, որ Իսամ Հութի լիբանանցի-քուէյթցի մըն է:

Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուածներու Հարց

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին առումով, նախարարական յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն ընթացքը:

Նիստէն ետք աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախարարական  յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր լուռ աշխատանքը` նկատի ունենալով, որ աշխատանքի այդ ձեւը արդիւնաբեր է:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ յանձնախումբը դրական տուեալներ ունի: Ան աւելցուց, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել իրենց յայտնած է, թէ ունի տեղեկութիւններ, որոնք դրական են, սակայն պէտք է լուռ կերպով շարունակել գործունէութիւնը:

Ժրայսաթի նաեւ յայտնեց, որ իրենք ոչ մէկ միտում ունին առեւանգուած պատանդներ փոխանակելու իմաստով` աւելցնելով, որ փոխադարձ առեւանգումի թղթածրարը կը գտնուի ներքին գործոց նախարարին մօտ:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան առեւանգուած թուրք երկու քաղաքացիներ, որոնց ազատ արձակումին թուականները տակաւին յստակ չեն:

Թուրք դեսպանը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ երկու թուրքերուն առեւանգումը մղած է թրքական իշխանութիւնները` զգուշացնելու իրենց քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ: «Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազատ արձակելու համար լիբանանցի առեւանգուածները, որոնց շարքին նաեւ Հասսան Մըքտատը, սակայն Մըքտատ Դամասկոսի մէջ առեւանգուած է, եւ հոն թրքական իշխանութիւնները ոչինչ կրնան ընել եւ չեն գիտեր, թէ ո՛վ է Հասսան Մըքտատը առեւանգող կողմը», նշեց Էօզեըլտըզ` աւելցնելով, որ առեւանգումները ոչ մէկ ձեւով պիտի ազդեն լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ:

Յայտնենք, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի եւ անկէ խնդրեց շարունակել իրենց հարազատները ազատ արձակելու աշխատանքը:

Ընտանիքներուն պատուիրակութիւնը կատարեալ վստահութիւն յայտնեց նախարարական յանձնախումբին:

Թրիփոլիի Մէջ Խաղաղութիւն

Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումներուն կասեցումէն ետք կեանքը սկսաւ իր բնականոն ընթացքով` զրկուած այս շրջանին մէջ:

Թրիփոլիի բնակիչները ողջունեցին հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը, ինչպէս նաեւ բանակն ու ապահովութեան ուժերը` Թրիփոլիի մէջ իրենց որդեգրած ապահովական խիստ միջոցառումներուն համար:

Երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա ողջունեց Թրիփոլիի հանդարտ կացութիւնը եւ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը իր ուսերուն առած է զինադադարի հաստատումին բեռը:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զգուշաւոր լռութիւն տիրեց:

ՆՇԵՆՔ, որ Սարաֆանտի մէջ Ալի Խալիֆէ անունով ոսկերիչ մը սպաննուեցաւ անծանօթներու կողմէ, որոնք անոր մօտ գտնուող պայուսակը գողցած էին: Ոստիկանութիւնը անմիջապէս հետաքննութիւն բացաւ այս հարցին շուրջ, իսկ Խալիֆէի ընտանիքը իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն փակեց Սարաֆանտի ճամբան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )