Նալբանդեան Կ՛ընդունի Աւստրիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Աւստրիոյ դեսպանը եւ նախարար Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Աւստրիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ալոյիս Քրաութը` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով:

Շնորհաւորելով հիւրը իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնեց, որ անոր պաշտօնավարման ընթացքին Հայաստանի եւ Աւստրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ալ աւելի զարգանան եւ ամրապնդուին:

Դեսպան Քրաութ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ վստահեցուց, որ ջանք պիտի չխնայէ հայ-աւստրիական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ որակական նոր մակարդակի բարձրացման համար:

Զրոյցին ընթացքին նախարար Նալբանդեան նշեց, որ յունիսին տեղի ունեցած Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըրի պաշտօնական այցելութիւնը եւ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները նոր լիցք կը հաղորդեն երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Հանդիպման ընթացքին գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ Աւստրիոյ զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանը ներգրաւուած է համագործակցութեան համար առաջնահերթ երկիրներու ցանկին վրայ եւ յառաջիկային շարք մը ծրագիրներ նախատեսուած են իրականացման համար:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ գործակցութեան գիտակրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ փոխանակումներու աշխուժացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, շրջանային եւ միջազգային շարք մը խնդիրներու:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )