Կազմակերպութեամբ «Պայք Ճենըրէյշընի» Հեծելարշաւի Մրցում` Ֆաքրայի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Պայք Ճենըրէյշըն»ի նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ փակ վայրի մէջ հեծելարշաւի մրցում մը` Ֆաքրայի մէջ: «Քրիթերիում-Ֆաքրա» անունը կրող հեծելարշաւի այս մրցումին մասնակցեցան տարբեր դասակարգերու երկսեռ հեծելանւորդներ:

Տղոց մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Զահեր Հաժ, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Եուսեֆ Նատեր եւ Խալիլ Ասմար:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումին, առաջին հանդիսացաւ Լինա Հաժ, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ` Ժոել Տաու եւ Քարինա Սըքքար:

Տեղի ունեցան նաեւ տարբեր դասակարգերու մրցումներ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ կազմակերպիչներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )