Սագօ Էսքիճեան Ֆութսալի Մարզիչի Վկայական Ստացաւ

Սագօ Էսքիճեան

Կազմակերպութեամբ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Պէյրութի մէջ 25-30 յուլիս 2012-ին տեղի  ունեցան ֆութսալի մարզիչի քննութիւններ` մասնակցութեամբ 17 լիբանանցիներու:

Այդ 17-էն 14-ը արդէն իսկ ֆութսալի մարզիչներ էին Լիբանանի մէջ:

Այդ քննութիւնները տեղի ունեցան երկու ձեւով: Առաւօտեան ժամը 9:00-էն-13:00, «Սաֆիր» պանդոկին մէջ տեղի ունեցան բերանացի քննութիւններ, իսկ ժամը 14:00-էն 18:00, Սատաքայի դաշտին վրայ` գործնական քննութիւններ:

Level-1-ի այս քննութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբի նախկին բերդապահ Սագօ Էսքիճեան, որ այդ 17-ին մէջ միակ հայն էր:

Ան Բ. նիշ ստանալով (երեք ուրիշներու հետ) ստացաւ ֆութսալի մարզիչի իր վկայականը: Ա. նիշ ստացաւ միայն անձ մը, մինչ մնացեալները ստացան Գ. նիշ:

Այդ 17 յաջողողներուն կարգին էին Մարուան Խուրի, Շարպել Քրայեմ, Ռապիհ Քեհի եւ ուրիշներ:

Այդ երկու քննութիւններուն հսկեց Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած հսկիչ-մարզիչ Իսա Սաատուն (Քուէյթ):

Կը շնորհաւորենք Սագօ Էսքիճեանը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ ֆութսալի մարզիչի իր նոր ասպարէզին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )