Տիգրանակերտի Հայկական Եկեղեցին «Մօր Եւ Մանկան Ուսումնական Կեդրոն» Դարձած Է

ԹԵՐԹ

Տիգրանակերտի 350-ամեայ հայ կաթոլիկ եկեղեցին վերածուած է ուսումնական կեդրոնի:

1650-1700-ին կառուցուած եկեղեցին չորս տարի առաջ վերակառուցուած էր:

Այնուհետեւ Տիգրանակերտի «Սուր» շրջանի գաւառապետարանը ստանձնած է կառոյցը եւ նախագիծի մը ծիրէն ներս զայն վերածած է «Մօր եւ մանկան ուսումնական կեդրոն»-ի: Այստեղ կրթութիւն կը ստանայ նիւթապէս վատ պայմաններու մէջ ապրող 80 երեխայ:

«Այստեղ տուները կարծես իրարու մէջ ըլլան, փողոցները նեղ են, իսկ երեխաները խաղալու պարտէզներ չունին: Անոնք ստիպուած պիտի ըլլան խաղալու փողոցներու մէջ: Այս կերպով կտրած ենք երեխաները փողոցէն ու լուծած` անոնց առողջ զարգացման հարցը», ըսած է գիւղապետ Մուսթաֆա Քըլըչ:

Եկեղեցւոյ սրահներէն մէկը վերածուած է գորգագործութիւն ուսանելու դասարանի, ուր երիտասարդ մայրերը ձեռք կը բերեն թէ՛ մասնագիտութիւն, թէ՛ ներդրում կ’ունենան ընտանեկան պիւտճէին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES