Մերօրեայ Մտորումներ. Շուկայաբանութիւն (Զ.)
ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ
Թումանեանի Գիքորը իր «Էստի համեցէք»-ով, կայարաններու թէ փողոցներու մէջ մունետիկները իրենց կանչով, պարտադրաբար թէ կամովին, նախակարապետներն էին շուկայաբանութեան, որ մեր օրերու կարեւոր մասնագիտութիւններէն մէկն է, գրաւականը` որեւէ գործի յաջողութեամբ պսակուելուն:
Հրապուրելու համար մեզ` կարիքը չունին յատուկ շնորհներու, մենակատարներու: Արդի արհեստագիտութեան բոլոր կարելիութիւնները ի մի խմբած` կը յաջողին ջուրի պարզ հոսք մը իբրեւ ջրվէժ ծանուցել, քանի մը նկար միախառնելով, ժանգ կապած խաղարան մը` իբրեւ անզուգական զբօսավայր ներկայացնել:
Նախազգուշական մեր բոլոր միջոցներով դարձեալ ու դարձեալ կը զարմանանք, կ՛անճրկինք, երբ ապահովագրութեան ընկերութեան մը, դրամատնային վարկի մը բոլոր պայմանները երկար քննելէ ետք, յատուկ պայման մը, յօդուած մը մետասաներորդ ժամուն առաջ կը քշուի եւ քեզ ալ կը տեղադրէ միամիտներու, ծայրագոյն պարագային` զոհերու շարքին:
Թիւ ապահովելու ընթացքին մէջ փոքր մանրամասնութիւն է հիասթափութիւնը, տագնապը` շուկայաբաններուն համար, որոնք հաւատարիմ խաղի օրէնքներուն ե՛ւ շահ ե՛ւ պարտութիւն նախատեսած կ՛ըլլան մարդկային ընկերութեան «բարօրութիւն» ապահովելու իրենց առաջադրութիւններուն մէջ:
Շուկայաբանութիւնը` marketing-ը, տնտեսական կառոյցներէն սկսած է թեքիլ, տեղադրուիլ մշակութային թէ կրթական մարզերէն ներս ալ, անմեղ տարազին տակ «քարոզչութեան»: Վերամուտի օրերուն գունատիպ բացառիկը «Back to school», նմանօրինակ նախաձեռնութիւններէն մէկն էր:
Ի՞նչ փոխանցեց այդ գրքոյկը: Ի՞նչ էր պատգամը: Գտնուեցա՞ն ծնողներ, որոնք իրենց զաւակները օտար վարժարաններէն առաջնորդեցին հայկական վարժարան: Մեր ծնողները արդեօ՞ք տեսան այդ գրքոյկը եւ արժեւորեցին նշանաբանները: Ժամացոյցի ճշգրտութեամբ իրագործուող վերամուտները յիշեցումի՞ կը կարօտին: Շրջաբերականները` ծնողներու յղուած, արդեօ՞ք չեն կարդացուիր: Պահեցի՞նք այդ գրքոյկը:
Որքան կը թաթխուինք ծանուցողական ոլորտին մէջ, այնքան կ՛ապրինք անհեթեթութիւնը կատարուածին: Պատմութեան համար կարծես կ՛արձանագրենք իրողութիւնները, որոնք անպայման «իրագործում» բառին բովանդակ իմաստովը չեն: Վերամուտ բառը, որ «օրհնութիւն» պէտք էր ըլլար, իրողապէս սկսած է տագնապ դառնալ:
Բայց կը շարունակենք ընկալեալ սովորութեան մէջ մնալ եւ ափսոսալ, որ մեր ծնողները, աշակերտները, պատասխանատու անձերը, որոնք ամէնէն աւելի քաջածանօթ են հայ դպրոցին ե՛ւ մթնոլորտին, ե՛ւ իրագործումներուն ու դժուարութիւններուն, մունետիկները չեն այն բարիքին, որ հայ դպրոցը եղած է միշտ:
Եթէ ընդունինք, որ շուկայաբանութիւնը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մըն է այս օրերուն, ապա պէտք է փնտռենք այն շուկայաբանները, որոնք իրենց մասնագիտութեան բոլոր յղացքները ի գործ դնեն ոչ միայն «փնտռուածը» հրամցնելու, այլ նաեւ հաւատարիմ մնալով մարդկային առողջ սկզբունքներու` քիչ մը մօտ ըլլան ճշմարտութեան:

