ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ 5-ՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՌՄԲԱԿՈԾԵԼ ՄԻՍՐԱԹԱՆ

Ծանր բախումները կը շարունակուին

Մինչ Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի ուժերը 5-րդ օրն ըլլալով ռմբակոծեցին իշխանութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշի վերածուած Միսրաթան, նաւ մը հազար օտար աշխատաւորներ եւ լիպիացի վիրաւորներ հեռացուց քաղաքէն:

Լիպիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաքը` Միսրաթան Արեւմտեան Լիպիոյ մէջ ըմբոստներուն գլխաւոր կեդրոնն է: Կիրակի օր ռմբակոծման պատճառով այդտեղ արձանագրուած էին 17 զոհեր եւ 100 վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը քաղաքայիններ են: Բայց եւ այնպէս Քազզաֆիի որդին` Սէյֆուլ Իսլամ հերքեց, թէ իրենց հաւատարիմ ուժերը Միսրաթայի մէջ քաղաքայիններ կը սպաննեն: Նշենք, որ Միսրաթայի մէջ մինչեւ այժմ հազար զոհ եւ երեք հազար վիրաւոր արձանագրուած է:

Քազզաֆիի ուժերը նաեւ շարունակեցին Աժտապիայի դէմ իրենց յարձակումը: Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն Քազզաֆին հիւրընկալելու պատրաստակամութիւն ունեցող երկիր մը կը փնտռէ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Լիպիոյ հարցով թիւ 1973 բանաձեւի որդեգրումէն մէկ ամիս ետք ըմբոստները ձախողած են յառաջխաղացք արձանագրել: Լիպիական ընդդիմութիւնը ՕԹԱՆ-ը ամբաստանեց իր պարտաւորութիւններուն կատարումէն խուսափելու համար որեւէ պատրուակի դիմելու յանցանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES