Մաթվիենքօ. «Ղարաբաղի Հարցը Չլուծել Կարելի Չէ»

Վալենթինա Մաթվիենքօ

Ըստ Tert.am-ի, Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցներէն մէկուն յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն միջեւ փոխըմբռնման միտումներ կան:

«Մենք կը կարծենք, որ խնդիրը կրնայ լուծուիլ միայն քաղաքական-ժողովրդավարական ճամբով, այլ լուծում չկայ: Մենք կը կարծենք, որ բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուին: Կը կարծենք, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ ամէնէն կարեւորը փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի վերականգնումն է», ըսաւ Մաթվիենքօ:

Ըստ անոր, երկու ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան վերականգնման համար անհրաժեշտ է աւելի աշխուժօրէն ներգրաւել մտաւորականութիւնն ու մշակութային գործիչները:

Մաթվիենքօ նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը շատ զգայուն է երկու կողմերուն համար, սակայն կարելի չէ ատիկա չլուծել, քանի որ մեծ ազդեցութիւն ունի շրջանի անվտանգութեան վրայ:

Ան աւելցուց, որ Ռուսիոյ դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ յայտնի է, եւ երկրի թէ՛ ներկայ, թէ՛ նախկին նախագահները ջանքեր ներդրած են բանակցային հոլովոյթը շարունակելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )