Թենիս. Նալպանտեան` 45-րդ Դիրքին Վրայ
Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան կը գրաւէ 45-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 945 կէտ:
Նալպանտեան, որ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր առաջին տասին կամ քսանին մէջ չի գտնուիր, պէտք է միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին լաւ արդիւնք արձանագրէ, որպէսզի կարենայ բարելաւել իր դիրքը:
12,165 կէտով առաջին դիրքը կը գրաւէ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր: Ապա անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն սերպ Նովաք Տիոքովիչ (11,270 կէտ) եւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (8715 կէտ):
CATEGORIES Մարզական


