Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը
Չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2012-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանրապէս քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերը, քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ յատկապէս այդ բոլորին անդրադարձը Լիբանանի վրայ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի մէջ կայունութիւն եւ ապահովութիւն պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ուղղութեամբ բանակին դերը նկատեց կենսական:
CATEGORIES Լիբանանեան