«Ֆրանսական Դասագիրքերուն Մէջ Ցեղասպանութեան Մասին Նիւթի Ներառումը Քաղաքական Անհրաժեշտութեան Պահու Թելադրանք Չէ Եղած» Կ՛ըսէ Հրաչ Վարժապետեան

Հրաչ Վարժապետեան

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան news.am լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան նոր դասագիրքերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթի ընդգրկումը կը նկատուի Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան յատուկ յանձնախումբի նախաձեռնութիւնը:

Ըստ անոր, 10-րդ դասարանի (ֆրանսական կրթական համակարգին համաձայն` 2-րդ դասարան) գիրքերուն մէջ բաժինի յաւելումը տեղի ունեցած է հին դասագիրքերու փոփոխութեան պատճառով. «Բաժինը կազմուած է երկու էջէ, ինչ որ մեծ աղմուկի պատճառ դարձած է Թուրքիոյ մէջ»:

Անդրադառնալով թրքական լրատուամիջոցներուն հաղորդած այն տեղեկութեան, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնած է, որ դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթերու ընդգրկումով կը զբաղի յանձնախումբ մը եւ ոչ թէ ինք, Վարժապետեան նշած է. «Շատ կարեւոր է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթեր ընդգրկելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ոչ թէ նախագահ Հոլլանտին, այլ` կրթութեան հարցերով զբաղող յանձնախումբին, այլապէս հարցը քաղաքական խորք պիտի ունենար: Սակայն այս պարագային յաւելումը կատարուած է կրթութեան նախարարութեան որոշումով, եւ ասիկա կը նշանակէ, թէ քաղաքական անհրաժեշտութեան պահու թելադրանք չէ եղած»:

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը
Քրէականացնող
Օրէնք

Խօսելով Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին մասին` Վարժապետեան նշած է, որ նախագահ Հոլլանտ, ինչպէս խոստացած էր, կ՛աջակցի այս նախաձեռնութեան եւ հայ համայնքը նախագահի աշխատակազմին հետ կ՛աշխատի այդ օրինագիծին վրայ` հաշուի առնելով նախորդ օրինագիծին բացթողումները, որոնք պատճառ դարձան Սահմանադրական խորհուրդին մէջ օրինագիծը վիճարկելու:

Անդրադառնալով օրինագիծին վերաբերեալ Սահմանադրական խորհուրդի վճիռին` Վարժապետեան ընդգծած է, որ որոշումը քաղաքական էր եւ ոչ մէկ կապ ունէր որակին հետ գրուած օրինագիծին, որ Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութեան եւ կառավարութեան հաւանութեան արժանացած էր: «Այս անգամ նման մօտեցում պէտք է բացառուի: Օրինագիծին բնագիրը հանգամանօրէն կը մշակուի` Սահմանադրական խորհուրդին հետ կապուած պատմութեան կրկնութիւնը բացառելու համար», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )