Ճատրակ. Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. Երէկ Տեղի Ունեցան 4-րդ Եւ 5-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Յունաստանի մէջ կը շարունակուին ճատրակի միջերկրականեան 4-րդ խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` իր տարիքային ախոյեաններով:
Երէկ տեղի ունեցան 4-րդ եւ 5-րդ հանգրուանի մրցումները: Նշենք, որ այսօր տեղի կ՛ունենան 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
4-րդ հանգրուանի մրցումներուն Հրակ Լախեան եւ Քարլօ Դարբինեան յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Հրակ Գըլըպոզեան` հաւասարութիւն: Նանօր Առնելեան եւ Նարօտ Գըլըպոզեան պարտութիւն կրեցին:
Ինչ կը վերաբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցած մրցումներուն, հինգ հայերուն մէջ Նանօր Առնելեան միակն ըլլալով յաղթեց, մինչ բոլոր մնացեալները պարտուեցան:
Այժմ, 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հրակ Գըլըպոզեան ապահոված է 2,5 կէտ: 2-ական կէտ ապահոված են Լախեան, Դարբինեան եւ Առնելեան, մինչ Նարօտ Գըլըպոզեան` կէտ մը:
CATEGORIES Մարզական


