Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր` շաբաթ, 1 սեպտեմբերին, կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 80 ակումբներու, լիբանանեան տարբեր նահանգներէն:
Այսօր կը սկսի Պեքաայի նահանգի ախոյեանութիւնը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Զահլէի մէջ:
Իսկ երեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին կը սկսի հարաւի նահանգի ախոյեանութիւնը` Սայտայի մէջ:
Այս շաբաթավերջին կամ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին, ֆետերասիոնը պիտի հրապարակէ այլ նահանգներու ախոյեանութիւններուն սկսելիք թուականներն ալ:
CATEGORIES Մարզական

