Մաթոսեաններու Դիակները Գտնուեցան

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ կէսօրին Դամասկոսի Ժոպար թաղամասին մէջ սպաննուած Մաթոսեաններու երեք դիակները գտնուեցան եւ  հասան «Մուասաթ» հիւանդանոց ու յանձնուեցան հարազատներուն: Հինգ օրուան ընթացքին անկարելի էր դիակները դուրս բերել շրջափակուած այդ շրջանէն: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Դամասկոսի Հայ առաքելական գերեզմանատան մէջ` այսօր:

Յիշեցնենք, որ անցեալ երեքշաբթի կէսօրէ ետք Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններէն Ժոպարի մէջ զինեալ խմբակներու կողմէ զանազան շէնքերու իշխանամէտ բնակիչներու վրայ տեղի ունեցած էին զինեալ յարձակումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք սպաննուած էին քանի մը տասնեակ բնակիչներ: Թիրախ դարձած այդ շէնքերուն բնակիչներէն նաեւ սպաննուած էին Մաթոսեան ընտանիքի երեք անդամներ: Անոնք են` 1963-ին ծնած Պետրոս Մաթոսեան, 1966-ին ծնած Գէորգ Մաթոսեան եւ 22-ամեայ Լեւոն Պետրոս Մաթոսեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )