Քանաան. «Նախագահ Սլէյմանի Եւ Զօր. Աունի Միջեւ Յարաբերութիւնները Դրական Են»
Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները դրական պիտի ըլլան, որովհետեւ կան շարք մը հարցեր, որոնց շուրջ համաձայնութիւնը արդէն իսկ գոյացած է:
Ան աւելցուց, որ պետական նշանակումներուն առումով այս ամսուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրել:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը վտարելու պահանջին` Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հրատապ հարցերը լուծելու առաջնահերթութիւնները շատ աւելի մեծ են, քան Սուրիոյ դեսպանին վտարումը:
Քանաան ընդգծեց, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ կատարուած որեւէ ոտնձգութիւն խստիւ մերժելի է` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին: