Յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերին «Վազէ՛ Պէյրութ» «Նայքի»-ի Վազքի Մրցումը
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ գտնուող «Նայքի» ընկերութեան ներկայացուցիչ «Եունայթըտ Սփորթց աֆ Լեպանոն»-ի Պէյրութի «Սոլիտեր»-ի շրջանին մէջ (Ուոթըր Ֆրոնթ) տեղի պիտի ունենայ վազքի մրցում մը կիրակի, 30 սեպտեմբերին, «Վազէ Պէյրութ» անուան տակ:
Յաջորդաբար 2-րդ տարին ըլլալով 5 քմ երկարութիւն ունեցող վազքի այս մրցումին տեղի պիտի ունենան բոլոր դասակարգերու երկսեռ մրցումներ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է կիրակի, 23 սեպտեմբերը:
Բոլոր արձանագրուիլ փափաքողները (արձանագրութիւնը ձրի է) կրնան այցելել Լիբանանի մէջ գտնուող բոլոր «Նայքի»-ի վաճառատուները եւ կամ այցելել հետեւեալ կայքէջը` www.irunbeirut.com, եւ հոն արձանագրել իրենց անունները:
Նշենք, որ կազմակերպիչները յատուկ պարգեւներ սահմանած են բոլոր յաղթականներուն:
CATEGORIES Մարզական