Ճատրակ. Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. 9-րդ Հանգրուանի Մրցումներով Այսօր Կ՛աւարտի Մրցաշարքը
Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Միջերկրականեան 4-րդ խաղերը կ՛աւարտին այսօր, երբ առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի կ՛ունենան 9-րդ հանգրուանի մրցումները:
7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան շաբաթ օր, Հրակ Գըլըպոզեան, Նանօր Առնելեան եւ Հրակ Լախեան յաղթեցին, մինչ Նարօտ Գըլըպոզեան եւ Քարլօ Դարբինեան` պարտուեցան:
Իսկ երէկ, 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հրակ Գըլըպոզեան, Քարլօ Դարբինեան եւ Նարօտ Գըլըպոզեան յաղթեցին, մինչ Նանօր Առնելեան եւ Հրակ Լախեան` պարտուեցան:
Այժմ, հինգ հայերուն մէջ ամէնէն բարձր կէտը ապահոված է Հրակ Գըլըպոզեան (4,5 կէտ առաւելագոյն 8 կէտէն): Անոր կը յաջորդեն Քարլօ Դարբինեան (4 կէտ), Հրակ Լախեան, Նանօր Առնելեան (3-ական կէտ) եւ Նարօտ Գըլըպոզեան (2 կէտ):
CATEGORIES Մարզական


