Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Այսօր` Հայաստան – Ռուսիա Տղոց Գագաթի Ճակատումը

Հայաստան – Ուքրանիա 5-րդ հանգրուանի մրցումէն

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի 40-րդ միջազգային ողիմպիականը երէկ դադարի մէջ էր` նկատի ունենալով, որ հանգիստի օր էր:

Շաբաթ օր տեղի ունեցած 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2,5 – 1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուքրանիան: Լեւոն Արոնեան յաղթեց Վասիլի Իվանչուքի, մինչ մնացեալ երեքը` Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:

Հայրենի կազմը, որ իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, այսօր գագաթի ճակատում մը ունի կատարելիք Ռուսիոյ դէմ (2-րդ), որ իր կարգին արձանագրած է հինգ յաղթանակ: 5-րդ հանգրուանին անիկա 2,5 – 1,5 արդիւնքով յաղթեց Հունգարիոյ:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին, անիկա եւս յաղթանակ արձանագրեց` 2,5 – 1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անգլիան: Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան յաղթանակ արձանագրեցին, Մարիա Քուրսովա` հաւասարութիւն, մինչ Աննա Հայրապետեան պարտուեցաւ:

Հայաստանի աղջիկները, որոնք այժմ 6 կէտով (երեք յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն) կը գրաւեն 32-րդ դիրքը, այսօր կը մրցին Արժանթինի դէմ:

Այսօր ճակատագրական մրցում մը պիտի ըլլայ Ռուսիա – Չինաստան մրցումը: Ռուսիա 10 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ Չինաստան 9 կէտով` երկրորդ դիրքը:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի տղոց խումբին կատարած մրցումին, անիկա այժմ 4 կէտով (2 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն) կը գրաւէ 95-րդ դիրքը: Անոր այսօրուան մրցակիցն է Կիպրոս:

Իսկ Լիբանանի աղջիկները, որոնք այսօր կը մրցին Իրլանտայի դէմ, 3 կէտով (1 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ 3 պարտութիւն) կը գրաւեն 102-րդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES