Համաշխարհային Աղէտի Եռապետութիւնը Մեր Մէջ Է. Տեսնել Ստրկացումը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Այս եռապետութիւնը ոչ հռոմէականն է, եւ ոչ խորհրդային «թրոյքա»-ն:
Մարդկութիւնը մրցակցական եւ երջանիկ գինովութեամբ յանձնուած է չարիքի վերածուած իր իսկ ստեղծած եռապետութեան բռնատիրութեան, որուն մասին խօսիլ` մեր ժամանակը ըմբռնելու եւ մոլորակի վրայ կեանքի շարունակութիւնը երաշխաւորելու նպաստ կ՛ըլլայ, եթէ ընդդիմանալու ազնիւ քաջութիւնը ունենանք:
Մեղսակից եւ մասնակից ենք մեր իսկ ստրկացման, եւ այս իսկ պատճառով չենք ընդդիմանար:
Այս եռապետութիւնը երեք յատուկ անձերով եւ անուններով չի սահմանուիր, այլ կը հիւսուի երեք ըմբռնում-կազմակերպութիւններու շուրջ, որոնց ցանցին մէջ բռնուած ենք` մենք մեզ պաշտպանելու անկարող ձուկերու պէս: Իտէալ է եռապետութեան անդամ հռոմէացի Կրեսոսը:
Շրջապատը կապկելու հոսանքը այնքա՜ն զօրաւոր է, որ կորսնցուցած ենք դիտելու, դատելու եւ հակազդելու մեր ունակութիւնը, որ ցարդ կարելի դարձուցած էր կեանքը եւ անոր շարունակութիւնը, հակակշռելով արտաքին բացասականութիւնները եւ ուժերը:
Այս եռապետութիւնը ժամանակակից մշակոյթով եւ քաղաքակրթութեամբ կը ներծծենք, կը դառնայ ներքին, գրեթէ ծինային, մեզի կ՛ընկերանայ մեր ծնունդէն մինչեւ մահը, կը պահպանուի եւ կ’աճի եսասիրութիւններու եւ եսակեդրոնութեան աղբիւսին վրայ:
Ծնունդ տուած ենք ոչ-արտաքին, այլ ներքին բացասականութիւններու եւ ըմբռնումներու, զանոնք դարձուցած ենք բնութիւն եւ ընկերահոգեբարոյական վիճակ, որոնք պատճառ են հաւաքականութեան գոյութեան դէմ սպառնալիքներու, վաղուան աղէտներու անքակտելի դարձած-դարձող կծիկներու:
Պահ մը փակագիծի մէջ դնելով մեր փառասիրութիւնները, ընչաքաղցութիւնը եւ եսասիրութիւնը, մտածենք Չարիքի Եռապետութեան մասին, որ կը բաղկանայ ԱՆՀԱՏԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ, ԴՐԱՄԱՏԻՐՈՒԹԵՆԷ եւ անոնց անմիջական հետեւանք եւ ինքնանպատակ դարձած ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՄՈԼՈՒՑՔԷ, որ անհրաժեշտ կարիքներու բաւարարութենէ տարբեր մակարդակ է, որմէ ոչ ոք զերծ է:
Թող ներուի իրարմով տեւող եւ զիրար աճեցնող այս չարիքներու անունները արձանագրել ֆրանսերէնով` շատերուն համար աւելի հասկնալի ըլլալու համար. individualisme, capitalisme, consumerisme:
Մեր քաղաքական, ընկերային, բարոյական, նոյնիսկ մշակութային վերաբերումներու մղիչ ուժը կը հանդիսանան նշուած արժէք համարուող չարիքի ըմբռնումները: Այսօր եթէ չխօսինք եւ չանդրադառնանք գալիք աղէտին, ոչ հեռու ապագային կը ստեղծուի անդառնալի կացութիւն, որուն հետեւանքները այնքան ալ դժուար չէ երեւակայել: Կ՛այրենք մեր մոլորակը, եւ անոր վրայ զարգացած հրաշքը, որ կեանքն է:
Խօսելու, անդրադառնալու, հակազդելու իրաւունքը եւ պարտականութիւնը վերնախաւին չեն պատկանիր միայն: Անոնք հասարակաց են: Այս գիտակցութիւնը մեզ կրնայ դուրս բերել անհատապաշտական եւ եսասիրական ճահիճէն:
Դրամի Միջազգային Կայսերապաշտութիւնը
(Պիոս Ժ. Քահանայապետ, 1835-1914)
Այն օրէն երբ դրամը դադրեցաւ փոխանակման միջոց ըլլալէ, հետզհետէ դարձաւ ինքնանպատակ, եւ սկսաւ ոչ միայն ապահովութեան խնայողութիւն ըլլալ, սկսաւ անաշխատ եւ անքրտինք կերպով ինքզինք աճեցնել ու բազմապատկել, դրամատիրութիւնը իր բացասականութեան վերջին հանգրուանը հասաւ, դարձաւ իսկական չարիք` իրականացնելով անհատապաշտութեան հետ իր միաձուլումը: Անաշխատ դրամն է դրամատիրութեան պատուանդանը:
Սրբազան քահանայապետ մը այս դրութիւնը կոչեց «Դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւն»:
Դրամի շրջանառութիւնը, աճը եւ կուտակումը ծաւալեցան, զուգահեռաբար զարգացան – զարգացուցին – միշտ շահերու կուտակումը ունենալով որպէս նպատակ, ծնունդ տալով սպառողական մոլուցքի քաղաքակրթութեան, բնութեան եւ բնական պաշարներու աւերին վրայ, սկսելով սնունդէ, հագուստէ, հասնելու համար մինչեւ արհեստագիտութեան յառաջացուցած միջոցները: Մարդկութիւնը հետզհետէ աւելի մեծ թափով սկսաւ սպառել բնութեան բարիքները, եւ այս ընթացքը կը թուի անկասելի ըլլալ, որուն իսկական բնորոշումը մսխումն է: Ներկայիս այդ սպառումը կը բազմապատկուի յարաճուն թափով: Արդէն կը մտածեն Լուսնի կամ Հրատի ընդերքի հարստութիւններու շահագործում-չարաշահման մասին:
Եւ խաղին մէջ ներառուած զանգուածները կը դիտեն հիացումով, նախանձով, իրենց բաժինը ձեռք բերելու ցանկութեամբ, ոչ իսկ մատներու արանքէն ապագան տեսնելու փորձ կատարելով:
Դրամատուները այսօր կ՛արտադրեն աստղաբաշխական շահեր, եւ կը խօսուի նոյնքան աստղաբաշխական կորուստներու մասին: Ո՞ւր կ’երթան այդ կորուստները: Այդ շահերը աշխատանքի արդիւնք չեն, այլ պարզապէս ենթադրական արժէքներու վրայ կատարուած խաղեր, որոնց գինը կը վճարէ աշխատաւոր ընդհանրութիւնը:
Երբ աներեւակայելի գումարներ կը տրուին միջնորդներու եւ դրամատուներու տնօրէններու կամ ընկերութիւններու պատասխանատուներու, այդ կ՛ըլլայ միայն բնութեան բարիքներու եւ աշխատաւորներու արտադրած արժէքներու չարաշահումով: Ինչպէ՞ս մէկ անձ կրնայ ինքզինք գտնել տէր երկրի մը տարեկան ելեւմուտքին համապատասխան գումարներու, միլիառներ, զորս երբեք պիտի չտեսնէ, քանի որ անոնք սոսկ թիւեր են, որոնք կ’արձանագրուին այս կամ այն սիւնակին մէջ:
Ֆրանսայի պէս մեծ երկրի մը պետական պարտքին մէկ վեցերորդի համեմատութեամբ դրամի կուտակում ունի անհատ մը… Այս կոչենք ազատութի՞ւն եւ ազատականութի՞ւն…
Դրամի կուտակումը, դրամատան մը հաշուեցոյցերուն մէջ, անհատապաշտութեան դրսեւորում է, հակա-ընկերային արդարութիւն, ինքնահաստատման վատ միջոց, որովհետեւ, իրարահաղորդ ամաններու դրութեամբ, այդ կուտակումը զանգուածներու զրկումներու արդիւնք է, եթէ բարոյականութենէ եւ մարդկային իրաւունքէ, հայրենասիրութենէ, կրօնական եւ այլ բնոյթի բարութենէ ճառողներ ուզեն տեսնել:
Ստեղծուած է հակա-բարութիւն եւ ան-ազնուութիւն համակարգ, որուն կը պատշաճինք, կ’ենթարկուինք, կը յանձնուինք այդ խաղի օրէնքներուն, քանի որ չենք կրնար զանոնք փոխել, մասնակից կ’ըլլանք կամ կ’ուզենք ըլլալ: Ընչազուրկն անգամ, դրամատէր ըլլալու իր ցանկութեամբ, կը նպաստէ զինք տեւաբար ստրկացնող դրամատիրական համակարգի ամրացման:
Այս ընթացքը կը կոչուի ազատականութիւն (liberalisme), եւ շփոթի մատնող բառային նմանութիւնը կը համարուի ազատութիւն: Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ ազատութեան մասին, երբ դրամատիրութիւնը կը հաստատէ ստրկատիրութիւն, որուն մասին չի խօսուիր, քանի որ անոնք, որոնք պիտի խօսին ներքաշուած են դրութեան մէջ:
Արտադրութիւն, Սպառում Եւ Ինքնաքանդում
Այսպէս ծնած է եւ կը շարունակուի դրամատիրութիւնը, որ իր անզուսպ եւ վայրագ ընթացքի ճամբուն վրայ կը փճացնէ կեանքը եւ ընդհանրապէս բնութիւնը: Սպառողական ընկերութիւնը աղբի արտադրութեան քաղաքակրթութիւն է, առանց իրապէս անդրադառնալու, եւ ըստ այնմ գործելու, որ մենք եւ այն բնութիւնը, որուն մաս կը կազմենք, անկարող ենք արտադրուած աղբը «մարսելու», հետեւաբար, կեանքը խեղդամահ պիտի ըլլայ:
Տեւաբար կ՛աճին եւ կը բազմապատկուին երկրորդական եւ ոչ-կենսական պահանջները, անոնց բաւարարման համար բնութեան բարիքները կը մսխուին եւ կ՛ապականին` սկսելով ծխախոտէն, հասնելու համար ոչ-անհրաժեշտ օդանաւային ճամբորդութիւններու բազմապատկումին, անցնելով ջեռուցման եւ զովացման սարքերէն: Եւ յետոյ կը խօսինք օզոնի խաւի նուազման կամ մոլորակի ջերմացման մասին, ակնթարթ մը կը մտահոգուինք, եւ այդքան, հարցերու լուծումը կը համարենք ուրիշներու պատասխանատուութիւն:
Նոյնիսկ երբ չենք խորհիր, կը գործենք «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»-ի անգիտակից եսասիրութեամբ: Քաղաքականութիւն եւ կրթութիւն նման օրակարգ չունին իրենց արժէքներու տախտակներուն վրայ:
Այս հաստատումները կարելի է բազմապատկել: Բայց ասոնք մանրամասնութիւն կը համարուին, երբ նկատի կ՛առնենք ուժանիւթի եւ հումքի համար մղուած պատերազմները, որոնք կը շարունակուին: Մոլորակին վրայ ամէն օր պատերազմներ կը մղուին, քանդումներ տեղի կ’ունենան, մարդիկ կը մեռնին: Կը զարմանամ, երբ քաղաքագէտներ կամ լրագրողներ կը խօսին խաղաղութեան շրջանի մասին: Ո՞ր խաղաղութիւնը, եւ որո՞նց համար:
Որովհետեւ Կիպրոս կղզիի ծովուն բացերը յայտնաբերուած են ուժանիւթի պահեստներ, աշխարհի այդ շրջանը, զոր կը կոչենք Միջին Արեւելք, ապակայունացուած է, որպէսզի այդ հարստութեան հակակշիռը ձեռք բերուի կամ զանազան ուժեր բաժին ունենան:
Երբ կը խօսուի մոլորակի կլիմայական ջերմացման մասին, կը պատահի՞ որ մեծ գիտնականները հաշուեն, թէ քանի՞ հիւլէական ռումբեր պայթած են, կ՛ըսուի` փորձի համար, եւ ո՞ր քանակով ջերմութիւն արտադրած են, եւ ո՞ւր գացած է այդ ջերմութիւնը: Իւրաքանչիւր անգամ, որ հրթիռ մը կ’արձակուի դէպի անջրպետ, ո՞ր քանակով ջերմութիւն կ’արտադրուի: Ո՞վ այսօր կրնայ ըսել, թէ աշխարհի վրայ ի՞նչ է թիւը հազարաւոր թոներով վառելանիւթ սպառող օդանաւերու: Այդ այրած վառելանիւթը կը մաղուի քաղաքներու, արտերու եւ ծովերու վրայ: Գումարեցէ՛ք… եւ հաշուեցէ՛ք հետեւանքները:
Քաղաքակրթութեան մեքենան կը բանի, կ՛ապականէ, յագուրդ կու տայ եսասիրութիւններու ոչ-կենսական եւ ոչ-անհրաժեշտ կարիքներու, կ’արտադրէ, կը սպառէ, անտառներ կը փճացուին, դրամատուներու մէջ միլիառներ կը դիզուին:
Փասքալ կ՛ըսէր, որ կը գտնուինք նոյն նաւուն վրայ, մասնակիցի եւ մեղսակիցի մեր ցանկութիւններով:
Իրապէս մեծ գիտուն ըլլալու կարիք կա՞յ հասկնալու համար, որ կ’երթանք դէպի մոլորակի անապատացումը: Այս սարսափը Ժիւլ Վեռնի վէպերուն համար նախատեսուած դիպաշար չէ: Խօսողներ կան, լսողներ չկան: Մանաւանդ չկան այն լսողները, որոնք կը հակակշռեն որոշելու եւ որոշումներու գործադրութեան լծակները: Բայց կան նաեւ սպառման երջանկութեան անձնատուր ընդարմացած զանգուածները, որոնք յարաճուն հանգստաւէտութեան կիրքով բռնկած են:
Ձեռնածալ Մնալ Եսասիրական Վատութիւն Է
Հրամայական է նոր հասարակակարգի մը ստեղծումը, բնութեան բարիքներու, գիտութեան նուաճման եւ աշխատանքի արդիւնքի իսկական արդար գործածութիւնը մարդոց եւ կեանքի համար: Ասկէ տարբեր վերաբերում սոսկ անհեռանկար շահախնդրութիւն է, եսասիրութիւն, չարաշահութիւն, անհեռատեսութիւն` որ մարդկութիւնը կ’առաջնորդէ հարա-քիրի ընելու:
Մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուին ազգերը, երկիրները, բայց նաեւ եւ մանաւանդ` անհատները, որոնք իրաւունք չունին, պէտք չէ տան իրենք իրենց, փախուստ տալու պարտքէ եւ պարտաւորութենէ:
Ղեկավարութիւնները, մտաւորականութիւնը, հանրային կարծիք առաջնորդողները, անմիջականի տնտեսավարումէ անդին, այս հարցերով պէտք է, որ զբաղին, զբաղէին:
Արդար պիտի չըլլայ ըսել, որ այս տագնապեցնող հարցերու նկատմամբ մտահոգուողներ չկան: Զանգուածային լրատուամիջոցները նիւթ եւ տեղեկութիւն կը մատակարարեն, բայց վարժուած ենք զանոնք ստորադասելու ոճիր-արկածի պատմութիւններու, եւ իրարու նմանող-կրկնուող մարզական խաղերու, որոնք դարձած են սպառողական-դրամատիրական կիրքերու նոր շահերու ռազմադաշտ:
Ի հարկէ, մոռցնելով էական խնդիրները:
Ինչպէ՞ս պայքարիլ նոր քաղաքակրթութեան անհատապաշտական-եսասիրական-սպառողական խենթութեան դէմ-բառին ախտաճանաչողական իմաստով -, ի՞նչ ընել` որպէսզի միլիառներով հարստութիւն-ուժ չծառայէ անհատներու ինքնահաստատման խելառ մոլուցքին:
Վաղուան մարդկութիւնը պիտի տեւէ հետեւելով իմաստասէրի մը ապագայատես գաղափարին, ըստ որուն, ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է, փակելով էջը մարդը մարդուն գայլն է անձնասպանական գազանային բնազդին:
Ղեկավարութիւնները, քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ ծրագիրները հարկ է քննել, դատել եւ գնահատել մարդկութեան – եւ ոչ անհատի – տեսանկիւնէ, կեանքի շարունակութիւնը երաշխաւորելու տեսիլքով, որպէսզի գալիք սերունդներուն չկտակուի անապատացած մոլորակ մը, եւ վերջակէտ ըլլալու ողբերգութիւնը:
Մոլորակ, որուն պարկեշտ աւանդապահը եղած պէտք էր որ ըլլայինք, եւ ոչ տէրը:
Ո՛չ յոռետեսութիւն, ո՛չ ալ տպաւորելու մարմաջ:
Հարկ է ընել այնպէս, որ օր մը մեր կապոյտ մոլորակը չորցած Լուսին չըլլայ:
Այս մտահոգութիւնները տիրական կերպով առաջադրանք պէտք է ըլլան պետութիւններու եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու համար: Անոնք մեծ ըլլան թէ փոքր: Եւ թոյլ չտան, որ շահախնդրուած ուրիշներ որոշեն իրենց փոխարէն:
Քաղաքական եւ կրօնական տարբերութիւնները եւ մրցակցութիւնները շրջանցելով` մարդկութիւնը միացնող նոր գաղափարախօսութիւնը կրնա՞յ ծնունդ առնել այս ենթահողին վրայ:
Աւելի ճիշդ, կրնա՞նք ծնունդ տալ սահմանները եւ տարբերութիւնները շրջանցող այս կեանքի գաղափարախօսութեան: Միշտ կը յիշեմ Մեծն Սոկրատը, որ ըսած է, թէ` հարցումները աւելի կարեւոր են, քան անոնց տրուած պատասխանները:
Այս հարցումները նախ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք պիտի ապրի:
Նուազի-լը-Կրան

